Հանրապետութեան Հրապարակի Շատրուանային Համալիրը Կը Գործարկուի Մարտ 21-ին

Երեւանի քաղաքապետարանի «Ջրային կառոյցներ» ՓԲԸ-ն մարտի սկիզբէն սկսած է մայրաքաղաքի շատրուաններու ու ջրաւազաններու վերաբացման նախապատրաստումը: Բարենպաստ եղանակով պայմանաւորուած` այս տարի Հանրապետութեան հրապարակի շատրուանային համալիրը կը գործարկուի մարտ 21-ին:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ քաղաքապետարանի պաշտօնական կայք-էջէն: Այժմ, տեխնիկական հանգոյցներու ստուգման ու տարածքի մաքրման զուգահեռ, կը կարգաւորուի նաեւ, այսպէս կոչուած, կառավարման կէտը` համակարգչային հանգոյցով: Շատրուանային համալիրը թարմացուած երգացանկով պիտի աշխատի շաբթուան բոլոր օրերուն` բացի մաքրման օր յայտարարուած երեքշաբթիներէն: Ջրային այս կառոյցը առաւօտեան 08:30-20:00 պիտի  գործէ որպէս սովորական շատրուան, ժամը 20-էն` երեւանցիներուն ու մայրաքաղաքի հիւրերուն կը ներկայանայ նաեւ լուսաձայնային ու երաժշտական ողջ հմայքով:

Այս օրերուն կը բարեկարգուին ու պատշաճ տեսքի կը բերուին նաեւ երեւանեան միւս` աւելի քան 30 ջրային կառոյցները, որոնց հերթական տարեշրջանի մեկնարկը կը տրուի Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրը` ապրիլ 7-ին:

Scroll Up