«Հայաստանն Ու Յունաստանը Վերսալեան Պայմանագրէն 100 Տարի Անց» Թեմայով Քննարկում Աթէնքի Մէջ

Աթէնքի` Նիքիա-Ռենտի քաղաքային արուեստի պատկերասրահին մէջ, մարտ 18-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստանն ու Յունաստանը Վերսալեան պայմանագրէն 100 տարի անց» թեմայով քննարկում: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայաստան» լրատու ցանցէն, այն կազմակերպուած էր Նիքիոյ մշակութային կեդրոնի եւ Հայ-յունական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի նախաձեռնութեամբ: Ձեռնարկի բանախօսներն էին` պատմաբան Վլասիս Աղձիտիսը եւ Հայ- յունական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի քարտուղար Յովսէփ Քասեսեան եւ համակարգող` լրագրող Եորղոս Վենեցանոսը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, Նիքիոյ քաղաքապետը, գրողներ, լրագրողներ, հայ եւ յոյն հասարակութեան ներկայացուցիչներ: Զեկոյցներէն յետոյ տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան: