Արժանթինի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Թանգարան Կը Կառուցուի
Պուէնոս Այրէս քաղաքի քաղաքապետարանը հաւանութեան արժանացուցած է Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած թանգարանի կառուցման: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը` յղում կատարելով Estacao Armenia-ին:
Անցեալ շաբաթ քաղաքապետարանը 54 կողմ, 2 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ վաւերացուցած է նախագիծը, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած հիմնադրամին հնարաւորութիւն կու տայ սկսելու թանգարանի կառուցման աշխատանքները, որ պիտի կոչուի «Հայոց յիշողութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի թանգարան»:
Թանգարանը կը նախատեսուի կառուցել Կուռուչագա փողոցի` Փալերմօ արուարձանին մէջ գտնուող հայկական համայնքի կեդրոնի սրտին մէջ:
Թանգարանի կառուցման համար քաղաքապետարանը հիմնադրամին 30 տարի ժամանակ յատկացուցած է, որ կրնայ երկարաձգուիլ:
Թանգարանին կից կը ստեղծուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գրադարան եւ արխիւ:
Կայքը կ՛աւելցնէ, որ Արժանթինը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին երկիրներէն է: 1987թ․-ին երկրի նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 1915-1923 թուականներուն 1,5 մլն. հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն որակած է (իսկ 1995 թուականին Արժանթինի պետութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը- Հ.Ա):
2007 թուականէն Արժանթինի մէջ ապրիլ 24-ը հռչակուած է Մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան: