Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով՝ Աթէնք կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ աշխատանքային հանդիպումներ եւ ելոյթներ պիտի ունենայ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած՝ «Մեր Արցախը. Միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» խորագրով շարքէն ներս։
Չորեքշաբթի՝ 14 Մարտ 2019ի կանուխ առաւօտեան, պրն. նախարարը ժամանեց Աթէնք, ապա՝ այցելութիւններ տուաւ Հայ Կապոյտ Խաչի Ազգային «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգ, ինչպէս նաեւ Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ու Գոքինիոյ «Զաւարեան» նախակրթարաններն ու մանկապարտէզները։
Վարժարաններուն մէջ ան ընդունուեցաւ դպրոցներու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերու ու աշակերտութեան կողմէ, այցելեց դասարանները, զրուցեց աշակերտներուն հետ եւ տեղեակ պահուեցաւ գործադրուող կրթական ծրագրին մասին։
Պրն. նախարարին կ’ընկերակցէին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները։ Բոլոր վարժարաններուն մէջ փոքրիկ աշակերտները երգեր կատարեցին, հարցումներ ուղղեցին պրն. նախարարին, լսեցին անոր յորդորն ու քաջալերական խօսքը, ցոյց տուին Արցախի վերաբերեալ նիւթերու նուիրուած իրենց գծագրութիւնները եւ գեղեցիկ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Պրն. նախարարը գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց վարժարաններու պատասխանատուներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն՝ անոնց տարած նուիրեալ աշխատանքին համար։ Յաջորդ օրերուն նախատեսուած են նախարարի տարբեր այցելութիւններ՝ յունահայ կառոյցներու, մօտէն ճանչնալու եւ իրազեկուելու համար գաղութի գործունէութեան ու աշխատանքներուն մասին։
Յարգանքի տուրք՝ Նէա Զմիռնիի Հայոց
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած
յուշարձանին առջեւ եւ հանդիպում քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիսի հետ
Աթէնքի արուարձաններէն Նէա Զմիռնիի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան «Զանգակ»ին առջեւ, Ֆիքսի Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի դասաւորումով, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիսի կողմէ ընդունուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ Անկեղծ բարեկամութեան ու ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին պրն. քաղաքապետը՝ քաջատեղեակ ըլլալով Արցախի ժողովուրդի ու առօրեայի մասին, զօրակցական խօսքերով արտայայտուեցաւ, իր անձնական, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի զօրակցութիւնն ու օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութիւնը արտայայտելով։
Ան յիշեցուց Նէա Զմիռնիի եւ հայրենի Սիսիանի քաղաքապետութեանց միջեւ բարեկամական սերտ յարաբերութիւնները եւ երկար տարիներու ընթացքին տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւնները՝ հաւաստիացնելով, թէ միշտ հայութեան կողքին կը գտնուի եւ յաւելեալ աշխուժանալու պատրաստակամութիւն յայտնեց։
Պրն. նախարարը իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանին եւ անձնապէս քաղաքապետին՝ ի նպաստ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պայքարին աջակցութեան համար, ու տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի Մեհմանա գիւղի բնակիչներու մասին՝ յայտնելով, թէ իրենք եւս տուժած են Ատրպէյճանի յարձակումներուն ժամանակ։
Պրն. նախարարը Արցախ այցելելու հրաւէր ուղղեց պրն. քաղաքապետին։
Գործակցութեան բարձր մակարդակով կայացած հանդիպումը զարգացման եւ ընդլայնման լայն հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ ապագայի հաշւոյն։
Այցելութիւն՝ Ազգային Առաջնորդարան
Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Ուրբաթ՝ 15 Մարտ 2019ի առաւօտեան ժամը 11։30ին, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան այցելեց յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի հետ։ Սրբազան Հօր սիրալիր ընդունելութեան ժամանակ, խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Արցախի ժողովուրդին եւ անոր առօրեային մասին, ինչպէս եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործառոյթին գծով ընթացքի մէջ եղող քայլերուն վերաբերեալ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց յունահայ գաղութի հաստատ յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ Արցախի կողքին մշտապէս գտնուելու եւ աշխուժօրէն գործելու։
Պրն. նախարարը իր կարգին գնահատեց սփիւռքի մէջ թափով ու մղումով տարուող բոլոր աշխատանքները, կարեւորելով բոլորի ներդրումը Արցախին ու անոր ժողովուրդին հանդէպ։ Արցախի Հանրապետութեան նախարարին կ’ընկերակցէին Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին ընկերները։ Այցելութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը առաջնորդեց հիւր նախարարը՝ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց յունահայոց հոգեւոր ու ազգային կառոյցներուն մասին։
Ժողովրդային հաւաք Թեսաղոնիկէի եւ Աթէնքի մէջ
Ինչպէս արդէն մամուլով յայտարարուած է, Արցախի ժողովուրդի դիմադրական հերոսական ոգիին եւ միջազգային ճանաչման գործառոյթին կարեւորութեան մասին երկու կարեւոր ելոյթներ ծրագրուած են Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, Թեսաղոնիկէ եւ Աթէնք։ Խօսքով հանդէս պիտի գայ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, իսկ Աթէնքի մէջ հրապարակային զրոյցին պրն. նախարարի կողքին ելոյթներ պիտի ունենան Փանտիօ համալսարանի միջազգային քաղաքականութեան հարցերու դասախօս փրոֆ. Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս եւ միջազգային քաղաքական յարաբերութեանց դասախօս փրոֆ. Աֆենտուլիս Լանկիտիս, իսկ զրոյցը պիտի վարէ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան։
Այս ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ 20 Մարտ 2019, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան (ΕΣΗΕΑ) սրահէն ներս (Աքատիմիաս 20, Աթէնք), ուր հրաւիրուած են մեր բոլոր հայրենակիցները՝ լսելու եւ մասնակից դառնալու։