Կը Կայանայ «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» Գիրքի Շնորհանդէսը

Լոյս տեսած է Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) թրքագիտութեան ամպոնի դասախօս, բանասիրական գիտ. թեկնածու, ԵՊՀ ՀՀԻ (Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկ) հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժինի ղեկավար Լուսինէ Սահակեանի«Համշէնը հայկական ձեռագրերում» մենագրութիւնը (363 էջ, 120 էջ գունաւոր ներդիր, Համշէնի գաւառի 15-17-դր դարերու քարտէզ), որուն շնորհանդէսը տեղի կ’ունենայ մարտ 18-ին, ժամը` 13:00–ին, ԵՊՀ Չարենցի անուան դահլիճէն ներս:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, գիրքը հրատարակուած է ԵՊՀ գիտական խորհուրդի երաշխաւորմամբ:
Սոյն ուսումնասիրութիւնը կատարուած է ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի եւ ՀՀ Գիտութեան կոմիտէի «Գիտական եւ գիտատեխնիկական գործունէութեան պայմանագրային (թեմատիկ) ֆինանսաւորման» ծիրէն ներս:
Մենագրութեան մէջ (363 էջ, 120 էջ գունաւոր ներդիր, Համշէնի գաւառի 15-17-րդ դարերու քարտէզ) առաջին անգամ ի մի բերուած են XV-XVII դդ. Համշէնի մէջ ընդօրինակուած քսան ձեռագիր մատեան, որոնք կը պահուին Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ, Վենետիկ եւ Վիեննայի Մխիթարեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրարքարանի ձեռագրատուներուն մէջ, Լոնտոնի Բրիտականական թանգարանի եւ Ֆիլատելֆիոյ «Ազատ»գրադարաններուն մէջ: Հեղինակը պատմաբանասիրական քննութեան ենթարկած է ձեռագիրներուն մէջ համշէնցի գրիչներու ձգած յիշատակարանները, որոնք բացառիկ եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը յայտնեն հայոց Համշէն գաւառի պատմութեան, իշխանութեան, ժողովրդագրութեան, տեղանուններու եւ անձնանուններու, ժողովրդական հաւատալիքներու, լեզուավիճակի, բնակչութեան զբաղմունքի վերաբերեալ: Այս մատեաններն աներկբայ կը հաստատեն, որ Համշէնը եղած է հայոց հոգեւոր թեմերէն մէկը եւ կարեւոր սրբատեղի, ուր ամփոփուած են Սուրբ Վարդանանց աճիւնները, պահուած Քրիստոսի վարշամակը եւ Սուրբ Նշանները: Մենագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Համշէնը եղած է հայ գրչութեան ուրոյն կեդրոն, ուր ստեղծուած մանրանկարներով եւ զարդանախշերով ծաղկած այս բարձրարժէք ձեռագիրները հայոց մշակութային գանձարանի անգնահատելի գոհարներէն են: Ուսումնասիրութեան մէջ առաջին անգամ համեմատական քննութեան ենթարկուած են նաեւ Պոլսոյ Վարչապետական Գլխաւոր արխիւին մէջ պահուող Համշէնի` XVI-XVII դարերու օսմանեան աշխարհագիր մատեանները:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են գունաւոր լուսապատճէններ` ձեռագիրներու համապատասխան էջերէ եւ նկարներ` Համշէնի բնաշխարհէն: Առաջին անգամ կը ներկայացուի նաեւ Համշէնի գաւառի` XV-XVII դարերու մանրամասն քարտէզ, որ կազմուած է Լ. Սահակեանի տեղագրական ճշդումներու հիման վրայ:
Շնորհանդէսի աւարտին տեղի պիտի ունենայ բացառիկ համերգ, որուն ժամանակ պիտի հնչեն Համշէնի երգեր ու պարեր` արտերկրէն ժամանած համշէնցի յայտնի երգիչներու եւ հայաստանցի արուետի գործիչներու կատարմամբ: Մուտքն ազատ է: