Լոս Անճելըսի Աթանեան Արուեստի Կեդրոնի Հիմնադրման 25-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Մարտ 13-ին ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան մասնակցեցաւ Լոս Անճելըսի Աթանեան արուեստի կեդրոնի հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, իր ելոյթին մէջ դեսպան Բայբուրդեան բարձր գնահատեց հայր եւ որդի Վլատիմիր եւ Գոռ Աթանեաններու աշխատանքը, որուն շնորհիւ ոչ միայն մասնագիտական ու գեղագիտական, այլեւ հայեցի կրթութիւն կը ստանայ հարիւրաւոր ամերիկահայ պատանիներ ու աղջիկներ: «Ամենեւին պատահական չեմ համարեր, որ Աթանեան արուեստի կեդրոնի 25-ամեակը կը համընկնի Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնադրման 25-ամեակին հետ: Սա ուղղակի խորհրդանշական տարեթիւ մըն է. ես շատ լաւ կը յիշեմ, թէ այն ժամանակահատուածին, երբ կը հիմնուէր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, Աթանեան կեդրոնը ինչ դերակատարութիւն ստանձնեց այս համայնքէն ներս` իր դռները բանալով հայ երիտասարդներու համար»,- իր ելոյթին մէջ նշեց գլխաւոր հիւպատոսը:
Արմէն Բայբուրդեան պատուոգիր յանձնեց Վլատիմիր Աթանեանին: