ՀՕՄ-ի Ձեռնարկը ՄԱԿ-էն Ներս

Նիւ Եորք   Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար, Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 63րդ  նիստին ընթացքին, Մարտ 11, 2019-ին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն ներս ունեցաւ նիստ-քննարկում մը ուր արծարծուեցաւ թէ ինչպէս երկրի հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան յառաջացնել սեռային հաւասարութիւնը: Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿի բաժանմունքներու, եւ այլազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, Դեսպան Մհեր Մարգարյան իր բացման խօսքով ընդգծեց երկշաբթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ բոլոր երկիրներու, ՄԱԿ-ի հաստատութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը՝ սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին։

Առաջին զեկուցաբերը, Ուրլտ Պանքի (World Bank) ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանյանն էր, որ կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սեռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ։ Երկրորդ խօսնակը, Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ նահանգներու շրջանի ատենապետ, արհեստով ճարտարագէտ, Մարիա Մեհրանեանը տուաւ ընդհանուր պատկեր մը իր կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները Հայաստանի հիմնակառոյցին զարգացման։ Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէս հիմնակառոյցը կրնայ ազդել կիներու հզօրացման։ Վերջին զեկուցաբերը, Հայ Օգնութեան Միութեան Կենդրոնական վարչութեան Փոխ-ատենապետուհի, Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ՀՕՄ-ի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզէն ներս։ Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց ՀՕՄ-ի Սօսէ մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնին ու Ծննդատան ծրագիրներուն գործադրումը, ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ պետական հիմնարկներու միջեւ որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու անկապտելի իրաւունքներն ու կարիքները։

Աշխատանիստը վարեց ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-էն ներս աշխատանքները Համադրող՝ Քրիստինա Մեհրապոտը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն յիշեցուց թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւ Ուրլտ Պանքը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ կ’աշխատին կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանելով:

Այս տարուան երկշաբթեայ Կանանց Յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է՝ կիներու հզօրացումը՝ պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները եւ հիմնակառոյցի ընդմէջէն: Յանձնաժողովին պիտի մասնակցի աւելի քան 9,000 ներկայացուցիչներ որոնք Նիւ Եորք ժամանած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն, ՀՕՄ-ը, Առողջապահական Յանձնախումբին հետ միասին պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը եւ ՀՕՄի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու:

ՀՕՄ-ի Ձեռնարկը կարելի է դիտել այցելելով հետեւեալ կայքէջի կապը

Հիմնուած 1910-ին, ՀՕՄ-ը կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական աշխատանք տանելով անխտիր՝ հայ թէ օտար համայնքներէն ներս։ Նուիրուած իր առաքելութեան ու բազմաթիւ իր մարդասիրական ծրագիրներուն գործադրման, Միութիւնը զօրավիգ կանգնած է կիներուն՝ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերելու իրենց գաղութներուն հզօրացման՝ դաստիարակչական, առողջապահական ու բարեսիրական մարզերէ ներս։ Տարիներէ ի վեր, ՀՕՄ-ը, որպէս լիիրաւ անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC), գործունեայ կը մնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն ներս։

Scroll Up