Իրաքի Հայկական Վարժարաններուն Նուիրուած Հանդիսութիւն Կլենտէյլի Մէջ

Հայ դպրոցը հայ մնալու երաշխիքն է:

Մեր նախահայրերը, գիտակցելով, որ հայ մնալու առաջին եւ գլխաւոր նախապայմանը սեփական գիր ունենալն է, դեռ նոր քրիստոնեութիւնը ընդունած, երկնային հրաշքի շնորհիւ 405ին գիւտը կատարեցին մեր այբուբենին, այդպիսով՝ հայ դպրոցը դարձաւ հայը հայ պահելու դարբնոցը:

Ժամանակի ընթացքին պատմական ինչ վիճակներ ալ որ ապրեցաւ հայ ժողովուրդը, միշտ իր վաղուան օրը կապեց դպրոցին հետ:

Այս մտածողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է եւ երբեք հայու միտքին մէջ չէ խամրած հայ դպրոցի կարեւորութիւնը: Այս մտածողութեան շնորհիւ է, որ հայորդիներս սրբացուցած եւ գնահատած ենք այս վեհ գործի գիւտարարը, թարգմանիչները եւ մեր հազարամեայ մշակոյթի հիմնադիրները ու դարէ դար փոխանցողները՝ գիտակցելով, որ անոնց շնորհիւ է, որ այսօր մենք հայ մնացեր ենք:

Մեր ժողովուրդի նոր էջը բացուեցաւ Ցեղասպանութեամբ եւ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ նոր հայ գաղթօճախներու հաստատմամբ: Ուր ալ գնաց հայը, իր առաջին գործը, եկեղեցւոյ կողքին, դպրոց հիմնելը եղաւ, քաջ գիտակցելով, որ օտար ափերու վրայ հայ մնալու նախապայմանը իր հաւատքն է ու լեզուն: Այսօր, դժուար թէ կարենանք ցոյց տալ գէթ մէկ  համայնք, որ հայ դպրոց չունի:

Մայր հայրենիքէն հեռու, այդպէս է նաեւ Իրաքի հայ յամայնքը, որ իր կազմութեան օրէն սկսած, եկեղեցւոյ կողքին ունեցած է կրթօճախներ, ուր տարիներ շարունակ ուսանած եւ հայեցի կրթութիւն ստացած են համայնքի հայորդիները:

0314Baghdad Armenian School 1899

Պաղտատի հայկական վարժարանը (1899)

Պաքուպայի եւ Նահր Օմարի գաղթավայրերու վրանէ որբաբոցներէն մինչեւ քաղաքամայր՝ Պաղտատ ու Մուսուլ, Պասրա եւ Քերքուք քաղաքներու արդի կառոյցները, եւ Զախոյի, Հաւրեզքի, Սուլէյմանիայի եւ Հապանիայի համեստ դպրոցներէն մինչեւ Խանակինի, Շայպայի եւ Քէյ-Թրիի գիւղաքաղաքներու միօրեայ լսարանները, առաքելական եւ կաթողիկէ, հայ կրթօճախները նպաստած են մեր զաւակներուն հայերէն սորվելու, ծանօթանալու մեր կրօնին, պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթին՝ նպատակ ունենալով հայ տղաքն ու աղջիկները կեանքի պատրաստել, կերտուած՝ ազգային նկարագիրով եւ ձեւակերպուած բանական ու հոգեկան աշխարհով։ Այդպէս, անոնք տիրացած են բարձր դիրքերու եւ արժանացած երկրի պետութեան ու  ժողովուրդի գերգնահատման ամէնուր:

Աւելի՛ն: Հայ ուսուցիչն ալ, իր յառաջապահ դերին մէջ, որպէս հայակերտումի ազդու սերմնացան, մեծարուած է ընդմիշտ համայնքին մէջ:

Մեր ազգային վարժարաններուն եւ դաստիարակներուն հանդէպ երախտագիտութեան բարձր զգացումով, Իրաքի հայ գաղութասէրները ձեռնարկած են յատուկ երեկոյի մը՝ նուիրուած Իրաքի հայ ազգային վարժարաններուն, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 24 Մարտին, կ.ե. ժամը 4:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (1510 E. Mountain St., Glendale, CA 91207):

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իրաքի մէջ իրենց հայեցի ուսումը ստացած պատանի-պարմանուհիներ եւ երիտասարդուհիներ՝ ասմունքով, երգերով եւ նուագներով, նախկին տնօրէն ու դաստիարակներ՝ յուշեր պատմելով։ Նաեւ պիտի փոխանցուի հանդիսութիւնը հովանաւորող Համազգայինի Շրջանային վարչութեան խօսքը եւ պիտի կատարուի օրուան պատշաճ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը։

Ձեռնարկին աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Բոլորը հրաւիրուած են։

(Հաղորդագրութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)

Scroll Up