Հայաստանեան Կաշուէ Արտադրութեան Ներուժը Ներկայացուած Է Միջազգային Ցուցահանդէսին

Գործարար Արմենիայի աջակցութեամբ 8 հայկական արտադրողներ մարտ 12-15 Մոսկուայի մէջ միասնական տաղաւարով կը մասնակցին «MosShoes 2019» միջազգային ցուցահանդէսին:
Ինչպէսկը յայտնեն Արմենիայի հանրային կապերու անձնակազմէն, հայաստանեան ընկերութիւնները կը ներկայացնեն կօշիկ, կաշուէ զարդեր եւ այլ արտադրանք: Ապրանքանիշերէն երկուքը միջազգային այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին առաջին անգամ: Նախորդ ցուցահանդէսին իբրեւ արդիւնք հայաստանեան ընկերութիւնները 122 միլիոն դրամի արտահանման պատուէրներ կնքած են:
Հայկական տաղաւարը համալրած են կօշիկ արտադրող 5, պայուսակ եւ զարդեր արտադրող 2 ընկերութիւններ եւ կաշուի վերամշակման գործարանը:
«MosShoes»-ը կաշուէ արտադրանքի ցուցադրութեամբ մասնագիտացուած խոշորագոյն ցուցահանդէսն է Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Այն տեղի կ՛ունենայ տարեկան չորս անգամ: Ցուցահանդէսը տարեկան կը հիւրընկալէ շուրջ 12 000 խոշոր գնորդներ ու ոլորտի մասնագէտներ: