Պուլկարիոյ ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է Եւրոպայի Հայոց Թեմերու Առաջնորդներու, Հայրապետական Պատուիրակներու Ու Առաջնորդական Տեղապահներու Համախումբին Մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ մէջ  Հայոց թեմէն ներս կաթողիկոսական լիազօր ներկայացուցիչ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի հրաւէրով ս.թ. մարտ 7-10 Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հայոց թեմերու առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու ու առաջնորդական տեղապահներու քառօրեայ համախումբին մէջ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, համախմբման կը մասնակցէին Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան (Ռումանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմէն ներս կաթողիկոսական լիազօր ներկայացուցիչ), Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ), Տ. Վահան եպս. Յովհաննիսեան (Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ), Տ. Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան (Ուքրանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ), Տ. Սերովբէ վրդ. Իսախանեան (Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ), Տ. Գուսան վրդ. Ալճանեան (Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդական տեղապահ), Տ. Տիրան վրդ. Պետրոսեան (Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ), Տ. Խորէն վրդ. Առաքէլեան (Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդական տեղապահ), Ռուսէի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Տիրայր քահանան Հադաւեան, Փլովդիվի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Հրաչ քահանայ Մուրադեան, Պուրկասի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Պօղոս քահանայ Միքայէլեան:

Մարտի 8-ին համախմբման մասնակիցները հանդիպումներ ունեցան Պուլկարիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք եւ Սոֆիայի Մետրոպոլիտ Նորին Սրբութիւն Նէոֆիտի եւ պետական բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին խօսուեցան երկու ժողովուրդներու` հայերու եւ պուլկարացիներու բարեկամական յարաբերութիւններու, ընդհանուր քրիստոնէական արժէքներու ու համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն մասին:

Նոյն օրը համախմբման մասնակիցները հանդիպեցան Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան տիար Արմէն Սարգսեանի հետ, քննարկուեցան Եւրոպայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ թեմերու եւ ՀՀ դեսպանութիւններու, հիւպատոսութիւններու միջեւ սերտ համագործակցութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, պուլկարահայ համայնքին եւ հայապահպանութեան վերաբերող հարցեր:

Համախմբման ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եւրոպայի հայոց թեմերու եւ եւրոպահայ համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, համայնքային կեանքի տարբեր ոլորտներուն առնչուող, ազգային-եկեղեցական համընդհանուր կարեւորութեան հարցեր: Օրակարգի կարեւոր ու առանցքային հարցերէն էին`

Ա. Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եւրոպայի հայոց թեմերու միջեւ յարաբերութիւններու խորացում, համատեղ ծրագիրներու իրականացում եւ համագործակցութեան ընդլայնում:

Բ. Երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը համայնքային կեանքէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ՀԵՀԵՄ կառոյցներու ստեղծում բոլոր թեմերէն ներս:

Գ. Քրիստոնէական դաստիարակութիւն, մշտամնայ աշխատանք հայ մարդուն քրիստոնէական ու բարոյական արժէքներով կրթելու, քրիստոնէական ընտանիքի եւ բարձրագոյն արժէքներու հանդէպ գիտակցութեան մակարդակի բարձրացման, քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու խորհուրդներուն ծանօթացնելու համար:

Դ. Եւրոպայի մէջ հայկական ամառնային հոգեւոր ապրումներու եւ դաստիարակութեան կեդրոնի ստեղծում հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու համար, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ սեմինար-քննարկումներ իրականացել, նպաստել հայ հաւատաւոր զաւակներու հոգեւոր գիտակցութեան բարձրացման, միասնական եւ համատեղ աղօթքի կանգնելու հնարաւորութիւններ ստեղծել:

Է. Եկեղեցական նոր համայնքներու ստեղծում, հայաշատ քաղաքներու մէջ նոր ծուխերու ձեւաւորում եւ համայնքային, եկեղեցական կեանքի աշխուժացում:

Զ. Ընկերային ծրագիրներու իրականացման միջոցով օգնութեան տրամադրում Հայաստանի եւ Արցախի անապահով ընտանիքներուն, աջակցութիւն Հայրենիքի ընկերային-տնտեսական հզօրացման:

Է. Եւրոպայի հայոց թեմերու աշխոյժ մասնակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը համազգային նշանակութեան բոլոր խնդիրներու կարգաւորման գործընթացներուն` Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացում ու բարգաւաճում, Սփիւռքի յարատեւութեան եւ ազգային ինքնութեան, դիմագիծի պահպանում, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ դատապարտում, Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորում եւ միջազգային ճանաչում եւ այլն:

Ընդունուեցան  շարք մը կարեւոր որոշումներ, որոնցմէ յատկանշական են`

Ա. Տարին մէկ անգամ հոգեւոր, կրթա-դաստիարակչական ուղեցոյցներ պատրաստել Եւրոպայի հայոց թեմերու համար, թարգմանել եւրոպական տարբեր լեզուներով եւ ուղարկել բոլոր ծուխերուն որպէս ուղեցոյց քահանայից համար` առաջին ուղեցոյցի թեմա ընտրելով Հաւատոյ Հանգանակի ուսուցանումը:

Բ. Տարին մէկ անգամ համախմբել Եւրոպայի հայոց թեմերէն ներս ծառայող սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն եւ դպիրներուն, ուղեցոյց պատրաստել անոնց համար եւ նպաստել կրօնական գիտելիքներու խորացման:

Գ. Տարին մէկ անգամ համախմբել Եւրոպայի հայոց թեմերուն մէջ ծառայող քահանայից դասը, կազմակերպել վերապատրաստման դասընթացներ` առաւել խորապէս ծանօթացնելով անոնց Եւրոպայի համայնքային կեանքի կառուցուածքային եւ վարչա-կազմակերպչական առանձնայատկութիւններուն:

Դ. Տարին մէկ անգամ երիտասարդական հաւաք կազմակերպել Եւրոպայի մէջ, ներգրաւել վերջիններուս համայնքային կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ եւ եկեղեցական տարատեսակ կառոյցներու մէջ:

Scroll Up