Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Ներկայացուցիչները

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Էնթընի Պարսամեանը եւ կազմակերպութեան տարածաշրջանային տնօրէն Արփի Վարդանեանը:

Նախագահ Սարգսեան բարձր  գնահատած է Ամերիկայի հայկական համագումարի աշխատանքը` կարեւորելով անոր դերակատարութիւնը համազգային տարբեր խնդիրներու լուծման աշխոյժ մասնակցելու գործին մէջ:

Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչները նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցած են կազմակերպութեան ընթացիկ ծրագիրներն ու նախագիծերը:

Զրուցակիցները մտքեր  փոխանակած են համահայկական կարեւորութիւն ունեցող խնդիրներու, ինչպէս նաեւ  շարք մը ոլորտներու մէջ հեռանկարային ծրագիրներու եւ ատոնց իրագործման վերաբերեալ:

 

Scroll Up