ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Պարզաբանէ

www.hetq.am կայքին մէջ հրապարակուած «Հայրենադարձ ընտանիքի անձնական գոյքը ՊԵԿ-ը կը պահանջէ 16 հազար տոլարով մաքսազերծել» յօդուածի համաձայն` խմբագրութիւնն ահազանգ  ստացած է լիբանանահայ Իշխան Աւօ Ոսկերիչեանէն, որ 2016 թուականի գարնան Լիբանանէն եկած է Հայաստան` միայնակ: Նոյն տարին կրկին գացած է Լիբանան` կնոջն ու երկու անչափահաս որդիները Հայաստան տեղափոխելու եւ մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով: 2016 -էն Հայաստան բնակութիւն հաստատած Ոսկերիչեաններու իրերը մաքսազերծելու համար ՊԵԿ-ը կը պահանջէ մօտ 16 հազար տոլար:

Սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Մաքսային կարգաւորման մասին» ՀՀ օրէնքի (այսուհետ` օրէնք) 249-րդ յօդուածի 11-րդ մասի համաձայն Հայաստան մշտական բնակութեան ժամանող անձիք կրնան առանց մաքսային վճարներու վճարման ներմուծել իրենց անձնական օգտագործման գոյքը: Օրէնքի նոյն յօդուածի 15-րդ մասը կը սահմանէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ մշտապէս բնակած կը համարուի այն անձը, որ դիտարկուող ժամանակահատուածի իւրաքանչիւր օրացուցային տարուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ գտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ 181 օր եւ աւելի:

Եթէ ֆիզիկական անձը կը խախտէ նշուած ժամկէտները, ապա ան չի կրնար օգտուիլ նախատեսուած վերոյիշեալ արտօնութենէն: Այս պարագային լիբանանահայ ընտանիքը ճիշդ ժամանակին չէ դիմած ՊԵԿ, որպէսզի կարենայ օգտուիլ պետութեան կողմէ տրամադրուող արտօնութիւններէն:

Իշխան Աւօ Ոսկերիչեան 2 անգամ այցելած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն` խնդիրը կարգաւորելու համար: Մենք քաջատեղեակ ենք այս դէպքին, որ իր բնոյթով բացառիկ չէ: Ցաւօք, պէտք է արձանագրենք, որ ներկայիս օրէնսդրական կարգաւորումները կրնան խոչընդոտ հանդիսանալ հայրենադարձութեան գործընթացին:

Նախարարութիւնը դիմած է տարբեր գերատեսչութիւններ` օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարելու նպատակով:

Պէտք է ընդգծենք, որ խնդիրը կրնայ լուծուիլ բացառապէս յիշեալ օրէնքի առանձին դրոյթներու փոփոխութիւններու ծիրէն ներս ինչպէս նաեւ «Հայրենադարձութեան մասին» օրէնքի ընդունմամբ, որ, ըստ մեր պատկերացման, կրնայ ըլլալ օրինական եւ համապարփակ լուծում այս եւ  միւս խնդիրու վերջնական լուծման համար:

Վստահ ենք` յառաջիկային նմանատիպ տարաձայնութիւններէն խուսափելու համար Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը զբաղուի նաեւ ներկայիս օրէնդրութիւնն առաւել մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ:

Scroll Up