Ֆրանսահայ Մշակութային Միութիւնը Հայաստանին Կը Վերադարձնէ «Հայֆիլմ» Արուեստանոցի Արտադրութեան Շարժանկարներու Ժապաւէնները

Ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը (UCFAF) ցանկութիւն  յայտնած է Հայաստանին վերադարձնել 40 տարի առաջ` Խորհրդային Հայաստանէն ստացած թիւով 64 գեղարուեստական, վաւերագրական, լիամեթրաժ եւ կարճամեթրաժ ֆիլմերու ժապաւէնները:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հայաստանի ազգային ֆիլմի կեդրոնէն, ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը դեռեւս 2016 թուականի դեկտեմբերին, սոյն հարցով դիմած էր Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն` ճշդելու համար, թէ անհրաժե՞շտ են այդ ֆիլմերը Հայաստանին: Մշակոյթի նախարարութիւնն ալ իր հերթին այդ մասին գրութիւն ուղղած էր Հայաստանի ազգային ֆիլմի կեդրոնին, որ սկսաւ զբաղիլ յիշեալ հարցով: Ազգային ֆիլմի կեդրոնը կապ հաստատեց Ֆրանսահայ մշակութային միութեան նախագահ Էտմոն Եանիկեանի հետ եւ պարզեց, որ այդ ֆիլմերը տարիներ շարունակ ցուցադրուած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ` հայկական համայնքին համար: Վերջին անգամ ատոնք օգտագործուած են  25 տարի առաջ եւ այժմ պահեստաւորուած են միութեան նկուղային յարկին մէջ:

2017թ. յունուարէն այս ֆիլմերու վերադարձը կազմակերպելու նպատակով Հայաստանի ազգային ֆիլմի կեդրոնը սկսաւ բանակցիլ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի UNESCO-ի ներկայացուցիչ Վահէ Վահրամեանի հետ, որուն հաւաստմամբ այն ժամանակ դեսպանութիւնը չունէր բաւականաչափ միջոցներ ամբողջ հաւաքածուն Հայաստան տեղափոխելու համար: Հետեւաբար, այդ ահռելի ժառանգութենէն 2017թ․ մարտ 9-ին Հայաստան բերուեցաւ ընդամէնը 6 ֆիլմ․շարժանկարներէն երկուքը` «Կարինէ»-ն եւ «Տղամարդիկը» նշուած էին որպէս ֆրանսերէն ենթագրերով ֆիլմեր եւ միւս չորսն ալ ` («Լեռնային լճի գաղտնիքը», «Եօթ երգ», «Անահիտ», «Մի կաթիլ մեղր»)  ֆիլմի ժապաւէններ էին:

Ֆիլմերը սեւ/սպիտակ եւ գունաւոր են, մեծ մասամբ հայերէն լեզուով, ատոնցմէ մի քանի հատը ֆրանսերէն ենթագիրներ ունին եւ հիմնականին մէջ 35 կամ 16մմ ժապաւէնային կրիչներով են:Ատոնց մէջ կան նաեւ  շարք մը փաստագրական ֆիլմեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին արխիւի եւ հէնց անով է, որ կը դառնան իսկական գանձ շահագործման համար:

Ֆիլմացանկի ուսումնասիրութենէն պարզուած է , որ այնտեղ են նաեւ մեր ազգային ֆիլմի ժառանգութեան լաւագոյն նմուշները․ օրինակ` խաղարկային լիամեթրաժ ֆիլմերէն` «Քաոսը», «Կամոն», «Ժայռը», «Մսեօ Ժակը եւ ուրիշները», «Բարեւ, ես եմ»-ը, հայ մեծերուն նուիրուած կարճամեթրաժ ֆիլմեր, ներառեալ` «Մեսրոպ Մաշտոց», «Հրաչեայ Ներսէսեան», «Աւետիք Իսահակեան», «Մարտիրոս Սարեան», ինչպէս նաեւ երաժշտական ֆիլմեր` «Գոհար Գասպարեան», «Կարինէ»,  «Արեւի հարսնացուն», «Մի կաթիլ մեղրը» եւ այլն:

2018 թուականին հայկական ֆիլմի հարուստ ժառանգութիւնը` ֆիլմի պահեստը, յանձնուեցաւ Հայաստանի ազգային ֆիլմի կեդրոնին, որմէ ետք  անմիջապէս սկսան հայկական ֆիլմի ժառանգութեան թուայնացման աշխատանքները:

Հայաստանի ազգային ֆիլմի կեդրոնը եւ Լեհական «Ֆիքսաֆիլմ» թուայնացման եւ վերականգնման արուեստանոցը համատեղ սկսան հայկական ֆիլմերու վերականգնման եւ թուայնացման աշխատանքները: Առաջինը վերականգնուեցաւ Ս․Փարաջանովի «Յակոբ Յովնաթանեան» 10-վայրկեաննոց ֆիլմը, որ արդէն ցուցադրուած է միջազգային յայտնի փառատօններու մէջ, ֆիլմի դպրոցներու, թանգարաններու մէջ:

Այս պահուն արդէն սկսած են «Համօ Բեկնազարեան» նախագիծի աշխատանքները, որուն ծիրէն ներս պիտի վերականգնուին Բեկնազարեանի 10 ֆիլմերը: Նախագիծի առաջին վերականգնուող ֆիլմը «Պեպոն» է: Սովորաբար, թուայնացման գործընթացը սկսելու համար որպէս կանոն կը հաւաքուին ֆիլմերու տարբեր տարիներուն տպուած բոլոր պահպանուած պատճէնները: Ու հէնց այս պահուն, երբ յայտնաբերուեցաւ, որ Ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը (UCFAF) կ՛առաջարկէ «Պեպօ» ֆիլմէն 2 օրինակ` ուղղակի անգնահատելի է:

Ազգային ֆիլմի կեդրոնի պատասխանատուները, օրերս, կրկին կապուեցան Էտմոն Եանիկեանի հետ: Վերջինս հաստատեց, որ ֆիլմերը դեռեւս կը գտնուին իրենց ընկերութեան պահեստին մէջ:

Այս պահուն, Հայաստանի ազգային ֆիլմի կեդրոնի պատասխանատուները կը փնտռեն տարբերակներ` ֆիլմերը Հայաստան տեղափոխելու համար: Այդ նպատակով,  բանկացութիւններ կը  տարուին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ անոր  ներկայացուցիչներուն հետ` կազմակերպելու տեղափոխման գործընթացը, որ կարելի է սկսիլ  քանի մը փուլով` հաշուի առնելով նիւթի ծաւալները:

Scroll Up