Նոր Ջուղայի ՄԷջ Բուն Բարեկենդանի Տօնը Նշուեցաւ Տարազահանդէս-Մրցոյթով. լուսանկարներ

Մարտ 3-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան մարզասրահին մէջ նշուեցաւ հայկական աւանդական Բուն բարեկենդան տօնը: Տօնախմբութիւնը միութեան երէցներու եւ մշակութային միաւորներու համատեղ նախաձեռնութիւնն էր, որուն բացման առիթով ներկաները ողջունեցին օրուան հանդիսավարուհիներ Ալինա Տէր-Սուքիասեան եւ Անի Ղազարեան, ապա ներկայացուցին մրցութային բաժինի ժիւրիի կազմը, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումով աւելի քան 70 տարազաւորներուն գնահատեցին ըստ կերպարի ստեղծման գաղափարի, կատարուած աշխատանքի եւ ներկայացման ձեւի:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային միութեան «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան, մրցոյթի աւարտին, մինչեւ ժիւրիի գնահատականներու ամփոփումը, ոչ մրցութային բաժինին մէջ հանդէս եկան բազմաթիւ տարազաւորներ, որմէ ետք ներկայացուեցան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւած կերպարներն ըստ հետեւեալի`
առաջին տեղ` Թետի Տաւուտի, Թենի Թահմազեան, Արէն Բաբումեան, երկրորդ տեղ` Էլատա Մելիքեան, Փարելի Աղաբաբայեան, Մոնթէ Յովհաննիսեան, Էդրիկ Մանսուրեան, երրորդ տեղ` Էրուին Բաղրամեան, Արգին Մանուկեան, Փաոլինա Այվազեան, որոնք պարգեւատրուեցան:
Լաւագոյն կերպարներու կարգին մէջ յայտարարուեցան նաեւ Քրիստ Թորոսեանը,Արթուր Մելքոնեանը, Բենիկ Ծատուրեանը, Քրիստին Թորոսեանը եւ Մանէ Բարսեղեանը:
Երեկոյի ընթացքին բազմահարիւր ներկաներ ճաշակեցին Երէցներու միաւորի վարչութեան եւ ամբողջ անձնակազմի միջոցով պատրաստուած ուտեստները, միաւորը կազմակերպած էր նաեւ դիմակներու վիճակահանութեան տոմսերու վաճառք:
Ժիւրիի կազմը կը ներկայացնէին` Ալենուշ Մարտոյեանը, Վիոլէթ Թորոսեանը, Արթուր Բաղրամեանը, Էտնա Ղարիպեանը եւ Լուսինէ Մարուքեանը:
Յատկանշական է, որ երեկոն իր խրախուսական ներկայութեամբ պատուած էր Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպս. Քեչեջեանը:
Լուսանկարները` Գեւիկ Խաչատրեանի եւ Երանուշ Թահմազեանի