Տեսակապով Ասուլիս Լիբանանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Մարտ 11-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան տեսակապի միջոցով պատասխանեց Լիբանանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցերուն:
Ասուլիսին կը մասնակցէին Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Խօսնակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, «Ռատիօ Սեւան» ռատիօկայանի տնօրէն Մայք Վայիճեան, «Մասիս» ամսաթերթի թղթակից Հայր Սեպուհը, «Ջանասէր» ամսաթերթի խմբագիր Ռոզէթ Ալիեմեզեան, ՀԲԸՄ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամուլի գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, կարեւորելով նմանատիպ հանդիպումներու յետագայ պարբերականութիւնն ու շարունակականութիւնը, նախ ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան վերակազմակերպման, փոփոխութիւններու, վարչապետի աշխատակազմին միանալու ընթացքը, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի եւ անոր գրասենեակի գործառոյթներն ու ուղղութիւնները:
Գրասենեակը որպէս գործունէութեան ուղղութիւններ պիտի որդեգրէ հայրենադարձութիւնը եւ ընդելուզումը, հայապահպանութիւնը եւ համայնքային աջակցութիւնը, համահայկական օրակարգի ձեւաւորումն ու սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործումը Հայաստանի զարգացման գործին մէջ:
Գործառոյթներու առումով այն պիտի համակարգէ 12 նախարարութիւններու ծրագիրներուն մէջ ներառուած ձեռնարկներու իրականացումը եւ պիտի վերլուծէ ատոնց կատարման ընթացքը, իրականացնէ ատոնց մշտադիտարկուը, մշակէ քաղաքականութիւն եւ ռազմավարութիւններ եւ պիտի ներկայացնէ վարչապետին, պիտի ապահովէ համայնքներու հետ կապերու պահպանումը եւ ամրապնդումը:
«Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան հարց հնչեցուց միւս նախարարութիւններուն մէջ սփիւռքի հետ կապերու յատուկ ստորաբաժանումներու առկայութեան վերաբերեալ, եւ թէ ինչպէս սփիւռքէն եկող հարցերը, ազդակները պիտի հասնին անոնց:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւոր համարեց բովանդակութիւնը` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ որոշ նախարարութիւններ մասնագիտացուած ստորաբաժիններ չունենան, միեւնոյնն է, անոնք ունին ծրագիրներու իրականացման բաժիններ, ուր ալ կ’ընդգրկուին սփիւռքին առնչուող ծրագիրները: Իսկ համայնքներէն, սփիւռքէն եկած հարցադրումները, առաջարկներն ու խնդիրները վարչապետի յանձնարարութեամբ եւ յանձնակատարի գրասենեակի օղակի միջոցով կը հասնին համապատասխան նախարարութիւններուն:
Վիգէն Աւագեան նաեւ հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ սփիւռքեան մամուլի հետ յետագայ աշխատանքը:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նկատեց, որ համագործակցութիւնը նոր թափով պիտի շարունակուի, յատկապէս համահայկական օրակարգի ձեւաւորման եւ համայնքերու հետ կապի ամրապնդման տեսանկիւնէն:
Շահան Գանտահարեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց փոխադարձ մտքեր արծարծելու, աշխատանքը համակարգելուն միտուած այս հանդիպման հնարաւորութեան համար եւ հանդէս եկաւ դիտարկմամբ ու առաջարկով: Ըստ անոր` առկայ է լրագրողական դաշտի որոշակի համախմբուածութիւն, ատիկա արտացոլուած է նաեւ Լիբանանի մէջ, յետագային տեղափոխուած համահայկական հարթակ, եւ այստեղ նաեւ ներդրում ունեցած է Սփիւռքի նախարարութիւնը: «Ազդակ»-ի խմբագիրը կարեւոր նկատեց այս ամէնուն շարունականութեան ապահովումը, նաեւ սփիւռքին առնչուող ծրագիրներու մշակման փուլին իրենց ներգրաւուածութիւնը, նախքան վերջնական տեսքի գալը իրենց կողմէ ատոնց հասանելիութեան հնարաւորութիւնը, համահայկական օրագարգի շուրջ քննարկումներն ու խորհրդակցութիւնները: Շահան Գանտահարեան առանձնացուց յատկապէս հայրենադարձութեան թեման, որ քիչ մը զգայուն է, ընդգծեց նաեւ այլ թեմաներ, որոնց լուսաբանումը շատ կարեւոր է:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան շեշտեց, որ եթէ հայրենադարձութեան պարագային հիմնական շահառուն սփիւռքն է, կը բացառուի առանց սփիւռքի հետ քննարկումներու եւ առանց անոր կարծիքը հաշուի առնելու որոշումներ կայացուին: Իսկ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման ընթացքին յանձնակատարը շատ յաճախ պիտի շրջի համայնքեր եւ ծանօթանայ կարծիքներուն ու առաջարկներուն:
«Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան նշեց, որ սփիւռքը հզօր է հայրենիքով, հայրենիքը` սփիւռքով, եւ վերջինս վստահութիւն կ՛ ուզէ Հայաստան վերադառնալու համար, որ վերջին շրջանին զգալիօրէն բարձրացած է, եւ շատ լիբանանահայ ընտանիքներ կը մտածեն վերադառնալու մասին: Սակայն ինչպէ՞ս տեղեկատուութիւն հասցնել հայրենադարձուողներուն Հայաստանի մէջ աշխատանքի, հնարաւորութիւններու վերաբերեալ:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնկատարը հայրենադարձութեան եւ ներուժի ներգրաւման տեսանիւնէն նկատեց, որ այսօր սփիւռքի նիւթական հնարաւորութեան հաւասար կարեւոր կը համարուի գիտական, մասնագիտական, մարդկային հնարաւորութիւնները, սակայն այսօր մենք կը դժուարանանք պատասխանելու, թէ ինչ կը ներկայացնէ սփիւռքի ներուժը: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի առաջնային խնդիրը պիտի ըլլայ այս ներուժի քարտէզագրումն ու չափագրումը: Տէր Գրիգորեան վստահ է, որ յանձնակատարի գրասենեակը իւրաքանչիւր հայրենադարձի թեւ ու թիկունք պիտի կանգնի: