Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Ազգային-եկեղեցական Սուգ Յայտարարած է

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանման առիթով՝ պատրիարքարանը յայտարարծ է ազգային-եկեղեցական սուգ, մինչեւ Սուրբ Զատիկի ճրագալոյցի սուրբ պատարագը (Ապրիլ 20): Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:
Այդ ծիրէն ներս՝ եկեղեցական, թաղային, համայնքային բոլոր կազմակերպութիւններէն ներս չեղեալ կը համարուին կամ կը յետաձգուին ոչ կրօնական ձեռնարկները: Մինչեւ սուգի աւարտը՝ եկեղեցիներէն ներս, բոլոր պատարագներու աւարտին, կը կատարուի յատուկ կարգ՝ նուիրուած պատրիարքի հոգիի հանգստութեան։
Մարտ 11-16 պատրիարքարանին մէջ կը բացուի սգոյ մատեան:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ, Մարտ 8-ին, վախճանած էր Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը նախատեսուի Մարտ 17-ին: