Երաշխաւորելու Համար Հետագայ Համաձայնութիւնը` Նախ Կիրարկել Մինչ Այժմ Կայացածները

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմաբգիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութիւնը, քաղաքական ընթացիկ եզրաբանութեան առընթեր բանակցային փիլիսոփայութեան հետ կապուած կարեւոր բաղադրիչներ ներառած է: Համանախագահները կը խօսին հանդիպումին բանակցային բովանդակութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին:

Այսինքն անկախ` խաղաղութեան պատրաստելու, հրադադարի դրութիւնը յարգելու, հռետորաբանութիւնը ապառազմականացնելու կոչերէն, համանախագահները կողմերը վերաբանակցելու կը հրաւիրեն:

Բանակցութիւնները վերսկսելու կոչին առընթեր եւ անկէ աւելին, յայտարարութիւնը օրակարգային կէտերու ուրուագիծը եւս կը փոխանցէ` յուշելով, որ բանակցային սեղանի վրայ են մատրիտալաւրովեան սկզբունքներն ու ծրագրային տեսք ունեցող նախագիծը:

Հելսինքեան բանաձեւի յղումէն անմիջապէս ետք ձեւակերպուած են բանակցելի կէտերու հիմնական բաժինները.

Ա.- «Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ տարածքներու վերադարձ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ,

Բ.- Միջանկեալ կարգավիճակ Լեռնային Ղարաբաղի համար, որ  անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ կը տրամադրէ,

Գ.- Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող միջանցք,

Դ.- Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի ապագայ յստակացում` իրաւականօրէն պարտադիր կամքի արտայայտման միջոցով,

Ե.- Բոլոր ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու` բնակութեան նախկին վայրեր վերադառնալու իրաւունք,

Զ.- Միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք կը ներառեն նաեւ խաղաղապահ գործողութիւն:

Այն բաժինը, ուր կոչ կ՛ըլլայ զերծ մնալ յայտարարութիւններէ եւ քայլերէ, որոնք կը միտին «ձեւաչափի միակողմանի փոփոխութեան կամ ցոյց կու տան պատրաստակամութիւն վերսկսելու ռազմական գործողութիւնները», տեսքով հաւասար պատասխանատուութիւն տեղադրելու տպաւորութիւնը կը ձգէ, ըստ էութեան ռազմական սպառնալիքի կամ յարձակողապաշտութեան մեղադրանքը ուղղակի կը հասցէագրէ: Ի վերջոյ ձեւաչափի փոփոխութեան հասցէագրումը կը վերաբերի հայկական կողմին, որ խաղաղ բանակցութեան մասին կը խօսի, մինչ երկրորդ բաժինը` ռազմական սպառնալիքի մասին է, որ կը վերաբերի յստակօրէն պաշտօնական Պաքուին: Այստեղ արդէն Պաքուն է, որ կը հակադրուի Հելսինքեան բանաձեւին կամ միջազգային ընտանիքին, որ  սկզբունքներէն մէկը ճշդած է ուժի կիրարկման բացառումը:

Ասով հանդերձ յայտարարութիւնը հարցական կը ստեղծէ այն իմաստով, որ կողմերը կը հրաւիրէ բանակցութիւնները վերսկսելու: Մինչ, հայկական կողմը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ բովանդակային բանակցութեան կարելի է ձեռնարկել միայն Ստեփանակերտի մասնակցութեամբ:

Մինչեւ այս հարցին յստակացումը սակայն կայ հիմնական անորոշ, օդին մէջ կախուած մնացած կարեւոր բաժին: Եթէ միջազգային ընտանիքի երաշխաւորութեամբ բանակցութիւններ պիտի վերսկսին, ի՞նչը կ՛երաշխաւորէ, որ կայանալիք պայմանաւորուածութիւնները պիտի յարգուին այն կողմէն, որ անվերջ կը խախտէ կամ կ՛արգելակէ նախկին համաձայնութիւնները. սկսեալ 94-ի հրադադարէն, հասնելու համար խորքին մէջ ապրիլեան ռազմարկածախնդրութեան հետեւած Վիեննայի, այնուհետեւ Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ կայացած համաձայնութիւնները, բոլորը չեն յարգուիր Պաքուի կողմէ:

Ուրեմն, նախ պէտք է երաշխաւորել նախապէս կայացած համաձայնութիւնները` վերադառնալու համար բանակցային սեղան: Պարզ է տրամաբանութիւնը. անյապաղ իրականացնել Վիեննայի մէջ որոշուածն ու Փեթերսպուրկի եւ ապա Ժընեւի մէջ վերահաստատուածը,  իրենց հերթին իրականացնելու համար 94-ի համաձայնութիւնը: Ապա թէ ոչ դիւրաբեկ պիտի ըլլայ նաեւ հետագայ որեւէ համաձայնութիւն, որուն շուրջ բանակցելու կը հրաւիրեն համանախագահները:

Քաղաքական այս տրամաբանութեան վրայ կը թուի հիմնուած ըլլալ նաեւ պաշտօնական Երեւանի հրապարակած տեսակէտը, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերին կողմէ հնչած` «Խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ռիսքերու նուազեցման եւ միջադէպերու կանխարգիլման մեքանիզմներու եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ներդրումը, ինչպես ատիկա ամրագրուած է Տուշանպէի, իսկ մինչ այդ նաեւ Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներու շրջագիծին մէջ, կը շարունակեն մնալ առարկայական»: Ակնարկը յստակ է այստեղ. նախ, գործադրել մինչ այժմ կայացած համաձայնութիւնները, յետոյ անցնիլ վերաբանակցելու կոչերուն եւ օրակարգին: Այս պահուն հրամայականը միջադէպերու կանխարգիլման  եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու տեղադրումն է ամբողջ շփման գիծի երկայնքին: Բանակցային օրակարգի կէտերը պէտք է ըլլան այդ բոլորի տեղադրման, մշտադիտարկման, խախտումի դէպքերու գրանցման եւ հետաքննութեան գործիքակազմի ճշդում, այդ բոլորին միջազգային երաշխաւորուածութեան յարգումը եւ  կիրարկելիութեան եղանակները:

Scroll Up