Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին Նուիրուած Համերգ Պեռլինի ՄԷջ

Գերմանաբնակ թենոր եւ երգահան Մասիս Առաքէլեան մարտ 3-ին Պեռլինի Կայզեր-Վիլհելմ-Կեդեխթնիս եկեղեցւոյ մէջ իր «Կռունկ եւ բանաստեղծի սէրը» ծրագիրով հանդէս եկաւ Էրեբունի-Երեւանի  2800-ամեակին նուիրուած մենահամերգով: Համերգի նախաձեռնողը, կազմակերպիչն ու ֆինանսաւորողը Մասիս Առաքէլեանն էր:

Սա հայ-գերմանական երաժշտութեան համերգ էր հայ եւ գերմանացի երաժիշտներէ կազմուած քառեակի մասնակցութեամբ` Տիթլինտ-Մարիա Շթռոփալ (դաշնամուր), Դաւիթ Խաչատրեան (ջութակ), Միքայէլ Հախնազարեան (թաւջութակ), Մասիս Առաքէլեան (թենոր):

Համերգին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ ձայնասկաւառակի բազմաթիւ երգերու համար արուեստագէտին կողմէ ջութակի եւ թաւջութակի համար գրուած եւ որպէս քառեակ  մշակուած ստեղծագործութիւններ:

Արեւմտեան Պեռլինի  ամենայայտնի եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ի շնորհիւ Մասիս Առաքէլեանի, առաջին անգամ հայ եւ գերմանական գեղարուեստական երգերը փոփոխելով եւ նրբօրէն իրար մէջ հոսելով, ցուցադրեցին իրենց նմանութիւններն ու նոյն նիւթը տարբեր ուղիներով  ներկայացնելու արուեստը: Այս աշխատանքը յատկանշական էր անով, որ արուեստագէտն իր կողմէ, որպէս գեղարուեստական երգ մշակուած, Կոմիտասի, Գրիգոր Թալեանի եւ իր ստեղծագործութիւնները կողք-կողքի ներկայացուց գերմանացի յայտնի երգահան եւ գերմանական գեղարուեստական երգի հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացող Ռոպերթ Շումանի ստեղծագործութիւններու հետ:

Գերմանացի եւ այլ ազգերու հիւրերու արձագանքը չափազանց դրական էր: Հայ եւ գերմանական երաժշտութեան համադրումն ու համեմատումը, որպէս նոր աշխատանք, հետաքրքրած եւ հիացուցած էր պահանջկոտ հանդիսատեսը:

Scroll Up