ՀՕՄի Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Աշակերտները Կը Տօնեն Բարեկենդանը

Բարեկենդան էր:
Հայ խօսքն ու շունչը մեսրոպեան ոսկեղնիկով զարդարուն, գունագեղ երանգ ստացած, երգով, պարով, նուագով եւ ասմունքներով դիւթեց ներկաներուն սրտերը:
Շաբաթ, 2 Մարտ 2019ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, խուռներամ բազմութիւն մը, ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններ յաճախող աշակերտ-աշակերտուհիներ իրենց ծնողներուն, տատիկներուն եւ պապիկներուն հետ կ՛ուղղուէին Հայ քոյրերու վարժարանի «Դանիէլեան սրահ»՝ մասնակցելու ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմնի կողմէ բարեկենդանի առիթով, կազմակերպուած միացեալ հանդէսին:
Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան շրջանի Ազգային առաջնորդարանի կողմէ ներկայ էր Ղեւոնդ քահանայ Գիրազեանը, որ հանգամանօրէն փոխանցեց Բարեկենդանի խորհուրդը՝ Հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն մեզի փոխանցուած աւանդոյթ մը, ինչպէս նաեւ դրուատեց ու բարձր գնահատեց՝ ՀՕՄի Հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնն ու մշակած ծրագիրները:
Ներկայ էին ՀՕՄի շրջանային վարչութեան կողմէ ներկայացուցիչ՝ Մարալ Թուլումեան եւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմնի անդամներ:
ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ մարմնի փոխանցեց դոկտ. Սիւզի Օհանեան:
Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄի «Անահիտ», «Արազ», «Թալին», «Լոռի», Հոլիվուտի «Մայր, «Մեղրի», «Նայիրի», «Սիփան» եւ «Սօսէ» մասնաճիւղերու վարժարանները:
Հանդէսի յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց Խնամակալ մարմնի անդամ Լինտա Գանտիլեան:
Հնչեցին Հայաստանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հիմներգերը՝ աշակերտներու խմբային երգեցողութեամբ եւ ներկաներու ընկերակցութեամբ:
Յաջորդաբար ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ աշակերտները հրամցուցին Յ. Թումանեանի, Ս. Կապուտիկեանի, Գ. Էմինի, Շ. Ազնաւուրի նման մեծերու եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն մասնիկներ: Ներկաները ըմբոխշնեցին «Ամպի տակից»ը, «Ծիտիկ»ի կենդանի պատկերը, «Բարեկենդան»ը, «Քելէ Լաօ»ն եւ «Սասնայ պար» բանաստեղծութիւնները: «Քեզ համար Հայաստան», «Ազատ Հայաստան» երգերով, ինչպէս նաեւ տուտուկի քաղցր նուագով ներկաները հոգեպէս փոխադրուեցան հայոց լեռնաշխարհի սիրտը:
Բարեկենդանը կենդանացաւ իր Եօթ փետուրներու բացատրութեամբ:
Կատարուեցան հայկական նազպարն ու երաժշտութիւնը, «Տուն իմ հայրենի» զուգերգն ու «Հպարտ Հայն» ու «Նուիրեալ ՀՕՄուհիներ». մինչեւ իսկ «Ղաբաման» երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին ինքնավստահ շարքերով:
Ներկաներու խանդավառութիւնն ու ծափողջոյնները հոգեկան մեծ ուրախութեամբ լեցուցին սրահի մէջ գտնուողներու սրտերը:
Հանդէսի աւարտին՝ Խնամակալ մարմնէն Սոնա Մատարեան բարձր գնահատեց մասնակցող աշակերտները ու անոնց ծնողները, որոնք վստահութիւն յայտնած են ՀՕՄի առաքելութեան, որոնք իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութիւնը վստահած են ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններուն: Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու նուիրեալ տնօրինութեանց, ուսուցչակազմին,եւ անոնց օժանդակ վարչութիւններուն ու անհատներուն տքնաջան աշխատանքը:
Բարի երթ՝ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին:
Փա՛ռք ու Պատի՛ւ ազգին խոնարհ ծառաներուն:
ՀՕՄի ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ