Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին ընտրեց նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի 7 անդամները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 95 քուէներով ընտրուեցաւ նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի անդամ: Կը հաղորդէ «Ազդակ»:

Խորհուրդին անդամ ընտրուեցան նաեւ Ժորժ Օքէյս, Ալի Ամմար, Ֆայսալ Սայեղ, Ժորժ Աթալլա, Սամիր Ժսըր եւ Էլիաս Հանքաշ:

Դատական գերագոյն խորհուրդի եօթը անդամներուն կողքին ընտրուեցան նաեւ փոխանդամներ Ռուլա Թապըշ, Սելիմ Աուն եւ Ալի Օսէյրան:

Միւս կողմէ, օրէնսդրական նիստի շրջագիծին մէջ երեկոյեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց ելեկտրականութեան ընկերութեան տրուելիք 794 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը, որուն դէմ արտայայտուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններն ու երեսփոխան Ուսամա Սաատ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը երեք ամսուան ընթացքին պիտի մշակէ ելեկտրականութեան մարզի վիճակի բնականոնացման ծրագիր մը:

Իր կարգին, Պըրրի շեշտեց Ելեկտրականութեան մարզի տնօրինման խորհուրդ մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ խորհրդարանը ամսական դրութեամբ կառավարութեան հարցապնդման նիստ պիտի գումարէ:

Խորհրդարանը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը օտար դրամանիշով վարկեր ստանայ, որպէսզի կարենայ պետական գանձարկղի նիւթական բացը ծածկել եւ երկրին սնանկացումը կանխարգիլել:

Առաւօտեան նիստին ընթացքին խորհրդարանի լիագումար նիստը որոշեց, որ կառավարութեան աշխատանքները մինչեւ 31 մայիս ֆինանսաւորուին 2019-ի պետական ամավարկէն դուրս, սակայն վարչապետ Հարիրիէն պահանջուեցաւ ամէնէն մօտիկ ապագային 2019-ի պետական ամավարկը մշակել եւ զայն խորհրդարան ներկայացնել:

Այս պահանջին լոյսին տակ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը 2019-ի իր պետական ամավարկը կրնայ վաւերացնել մէկուկէս ամսուան ընթացքին եւ զայն փոխանցել խորհրդարան` պահանջելով, որ խորհրդարանը իր կարգին մէկուկէս ամսուան ընթացքին վաւերացնէ ամավարկը:

Այս առաջարկին համաձայն գտնուեցաւ Պըրրի, սակայն ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խնդրեց խորհրդարանը մէկուկէս ամսուան ժամկէտով չսահմանափակել` աւելցնելով, որ իր յանձնախումբը մանրամասնօրէն պիտի քննարկէ պետական ամավարկը:

Նշենք, որ երեկոյեան նիստը աւարտեցաւ ժամը 8:30-ին, երբ խորհրդարանի լիագումարը որոշեց պետական դպրոցներու մէջ երկրորդական կարգերու ուսուցիչներ նշանակելու կանոններուն վերաբերող օրինագիծը փոխանցել կրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին:

Scroll Up