Շանթ Սահակեան Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Գործադիր Վարիչ Կը Նշանակուի

Ասպարէզ- Հայ-ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձական կազմը կը տեղեկացնէ, թէ թանգարանի գործադիր վարիչ նշանակած է Շանթ Սահակեանը։ Որոշումը իր զօրու դարձաւ 1 Մարտին։

«Հոգաբարձական կազմը ուրախութեամբ կ՛ողջունէ թանգարանի գործադիր վարիչի պաշտօնը ստանձնած Շանթ Սահակեանը, որ իր հետ կը բերէ ղեկավարման եւ համայնքային յարաբերութեանց մարզի իր ձիրքերը՝ կարեւոր յաւելում մը հանդիսանալով կազմակերպութեան», կը յայտարարէ թանգարանի վարչութեան ատենապետ Պերճ Կարապետեան։

Թանգարանին հետ Սահակեանի կապերը հաստատուած են 2014ին, երբ ան անդամ էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին, իսկ 2016էն սկսեալ ու մինչեւ 1 Մարտ ան նպաստած էր համայնքին հետ թանգարանի յարաբերութեանց սերտացման։ Այդ պաշտօնին ծիրին մէջ Սահակեան նպաստած էր թանգարանին անդրանիկ ճաշկերոյթին եւ պատկերասփռուած դրամահաւաքին յաջողութեանց։

Իր նոր պաշտօնին մէջ ան պիտի ստանձնէ թանգարանին զարգացման եւ համայնքին հետ  յարաբերութեան սերտացման աշխատանքին պատասխանատուութիւնը, նոյն ժամանակ համագործակցելով թանգարանի յատակագիծը պատրաստողներուն, ցուցահանդէսներու խորհրդատուին եւ շինարարական կազմին հետ։

«Երախտապարտ եմ հոգաբարձական կազմին ցուցաբերած վստահութեան համար։ Այս ծրագիրով, իւրայատուկ առիթը ունինք կառուցելու մշակութային եւ կրթական յատկանշական կեդրոն մը, որ պիտի սպասարկէ ներկայ եւ յետագայ սերունդներուն։ Ուրախ եմ, որ այս պատմական ծրագիրը՝ թանգարանի հոգաբարձական կազմին, անձնակազմին, կամաւորներուն եւ համայնքին աջակցութեամբ իրականացնելու առիթը շնորհուեցաւ ինծի», կը յայտնէ Շանթ Սահակեան։

Նշենք, որ Սահակեան 2017ի Ապրիլին ընտրուած էր Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ, հանդիսանալով այդ մարմինին պատմութեան մէջ վարչութեան ամեներիտասարդ անդամը։

Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի դպրոցներէն շրջանաւարտ Սահակեան հասակ նետած է քաղաքին մէջ։ Ան եղած է Կլենտէյլի Արուեստներու եւ մշակոյթի յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ։ Ան կամաւոր այլ աշխատանքներ եւս կատարած է քաղաքի տարածքին՝ բարելաւելով քաղաքի սպասարկութիւններուն որակը եւ երիտասարդութեան նեցուկ կանգնելու կարելիութիւնները: Միայն 14 տարեկանին, ան հիմնած է «Սետնա Սոլուշընզ» ընկերութիւնը, որ տեղական ընկերութեանց եւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւններու հաղորդակցական կարիքներուն հասած է: 2016ին ան ստացած է Կլենտէյլի Առեւտուրի գրասենեակին «Տարուան Անձնաւորութիւնը» մրցանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքի քանի մը այլ կազմակերպութիւններէն մրցանակներ:

Սահակեան ձեւաւորման եւ շուկայական մարզերուն մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յարակից ծրագիրին (UCLA Extension) մէջ:

Ան ամուսնացած է Սիւզանային հետ եւ ամոլը բախտաւորուած է զաւակով մը՝ Րաֆֆի Սեպասթիան։

Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն: Անոր վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:

Scroll Up