Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Թուրքիոյ Շնորհուած Առեւտրական Նախապատուութիւնները Ետ Խլելու Ուաշինկթընի Քայլը

Յոյն-Ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Թուրքիոյ շնորհուած առեւտրական նախապատուութիւնները ետ խլելու Ուաշինկթընի 4 Մարտի որոշումը, զայն ամերիկեան շահերը պաշտպանող քայլ մը նկատելով։

Նշեալ երկու կազմակերպութիւնները կը ջատագովէին դէպի Միացեալ Նահանգներ թրքական արտածումներուն առաւելութիւններ շնորհող «Նախապատուութիւններու ընհանուր դրութիւն»էն Թուրքիան դուրս հանելու քայլը, որ կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ մօտաւորապէս 1.7 միլիառ տոլար արժող թրքական արտածումներուն վրայ։

Այս դրութեան հետեւանքով, թրքական արտածումներուն նախապատուութիւն կը տրուէին, որուն հետեւանքով թրքական ապրանքները շատ աւելի աժան կարելի կ՛ըլլար ծախել՝ վնաս հասցնելով ամերիկեան շուկային։

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս որոշումին համար տուաւ այն բացատրութիւնը, թէ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը բաւարար կերպով զարգացած է այժմ եւ կարիքը չունի նման աջակցութեանց։

Նշենք, որ նշեալ դրութիւնը ի զօրու էր 1975-էն ի վեր։

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան 5 Մարտին քննադատեց այս քայլը՝ ազդարարելով, որ անիկա վնաս պիտի հասցնէ երկկողմանի առեւտուրը 75 միլիառ տոլարի հասցնելու ջանքերուն։

Դրութիւնը կը գործածուի տկար տնտեսութիւն ունեցող երկիրներու համար՝ անոնցմէ կարգ մը արտադրութիւնները առանց մաքսատուրքի Ամերիկա արտածելու առիթ ընծայելով անոնց։

Scroll Up