Հայկական «Ջուրը Իր Ճամբան Կը Գտնէ» Ասացուածքը Հաագայի Կեդրոնին ՄԷջ

Մարտ 5-ին Հոլանտայի ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեան «Աբովեան» միութեան ղեկավար Մաթօ Հախվերդեանի եւ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութեան քարտուղար Ինգէ Տրոստի (Inge Drost) հետ միասին ներկայ գտնուեցաւ Հաագայի կեդրոնին մէջ` HS երկաթուղային կայարանի յարակից տարածքէն երկարող «Հին կեդրոնի գորգի» բացման արարողութեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն,  ձեռնարկի ծիրէն ներս Տիգրան Բալայեան զրոյց ունեցաւ Հաագայի փոխքաղաքապետ Ռիչարտ տէ Մոսի (Richard de Mos) հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական «Ջուրը իր ճամբան կը գտնէ» ասացուածքը հայերէնով Հաագայի կեդրոնին մէջ յաւերժացնելու համար, որ, դեսպանի բնորոշմամբ, իւրատեսակ գնահատանք է քաղաքի զարգացման գործին մէջ իրենց ներդրումը բերած հայերուն: Դեսպանը Հաագայի փոխքաղաքապետին ներկայացուց հայ-հոլանտական փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղուած նախաձեռնութիւնները:

Հաագայի փոխքաղաքապետը ողջունեց Հայաստանի դեսպանի ներկայութիւնը քաղաքին համար կարեւոր իրադարձութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկելու համագործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւնները:

Տեղեկանք. «Հին կեդրոնի գորգ»-ը կը ներկայացնէ Հաագայի HS երկաթուղային կայարանի յարակից տարածքէն երկարող մայթեզրերուն ճանապարհի մասին 34 լեզուներով ասացուածքներու փորագրումը: Լեզուներու եւ ասացուածքներու ընտրութիւնն իրականացուած է Լէյտէնի համալսարանի յատուկ յանձնախումբի կողմէ:

Scroll Up