Հանդիպում՝ Աշոտ Ղուլեանի հետ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս

Երեքշաբթի 5 Մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ` Աշոտ Ղուլեանի առաջնորդած պատուիրակութիւնը Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս Պրիւքսէլի մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ՝ Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութենէն, Համազգային մշակութային միութենէն, ՀՅԴ Արամ Երկանեան Երիտասարդական միութենէն Եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն:
Ողջունելով Պարոն Ղուլեանի գալուստը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ Դատի Գրասենեակի պատրաստակամութիւնը շարունակելու օժանդակել Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները Եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու մօտ:
Աշոտ Ղուլեան իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութեան, անոր ուղեկից միութիւններուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն դերակատարութիւնը ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչողութեան պայքարին մէջ:
«Խորհրդարանին մէջ երբ մեր գործունէութիւնը կ’ամփոփենք յատկապէս արտաքին կապերու հետ կապուած նիւթերու մասին, պարբերաբար կ’ընդգծենք Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները»,- յայտարարեց Ղուլեան: Ան շարունակեց ըսելով՝ պայքարը միասնաբար պիտի շարունակենք ջերմեռանդութեամբ:
Անդրադառնալով հանդիպմանը՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Սա առաջին անգամը չէ որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ’այցելեն մեր գրասանեակը: Այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը բարձր կը համարեմ, սփիւռքի մէջ գործող Հայ Դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը առաւել եւս զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով:»
Չորեքշաբթի 6 Մարտին, Արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ԱՀ Արտաքին գործերու փոխնախարար Արմինէ Ալէքսանեանը, պիտի մասնակցի Հայ Դատի Գրասենեակի կազմակերպած՝ «Հայատյացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագրով գիտաժողովին որ տեղի կ’ունենայ Եւրոխորհրդարանէն ներս:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ