Երուսաղէմի Մէջ Կայացած Է «Հայերն Երուսաղէմի Մէջ» Փառատօնի Բացման Արարողութիւնը

Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարանին մէջ» մարտ 4-ին տեղի  ունեցած է «Հայերն Երուսաղէմի մէջ» փառատօնի բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս  եկած են թանգարանի տնօրէն Եւգենի Ռազնիչքին, Երուսաղէմի նախկին փոխքաղաքապետ Փեփէ Ալալուն, Եոաւ Լեփը եւ Նաամա Ռինգերը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթ  ունեցած են նաեւ պաշտօնական այցով Երուսաղէմ գտնուող ՀՀ ԱԳՆ փոխնախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան եւ Երուսաղէմի փոխքաղաքապետ Հասան-Նախումը, որոնք իրենց խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած են փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ թանգարանի տնօրէնութեան` յոյս յայտնելով, որ այն ամէնամեայ բնոյթ կը կրէ:

Բացման արարողութեան յաջորդած է Սուրբ Երկրին մէջ հայկական լուսանկարչութեան եւ խեցեգործութեան արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը, որմէ ետք տեղի  ունեցած է «Դիլիջան» խումբի ելոյթը:

Փառատօնի ընթացքին տեղի պիտի ունենան համերգներ, համաժողովներ, տօնավաճառ, շրջագայութիւններ եւ դասախօսութիւններ հայ մշակոյթի, պատմութեան, լեզուի եւ հայ Երուսաղէմի վերաբերեալ:

Աւելցնենք, որ «Հայերն Երուսաղէմի մէջ» խորագիրը կրող փառատօնն արդէն երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի` համագործակցութեամբ Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարանի», Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի:

Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սմբատեան եւ Իսրայէլի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան:

Scroll Up