Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան Միջոցներով Այրում Համայնքէն Ներս Խաչքար Տեղադրուած է

Ի Հայրապետութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ օրհնութեամբ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Չուլջեանի, մարտ 2-ին Այրում համայնքէն ներս 1988 թ. Ատրպէյճանի մէջ զոհուած հայերու յիշատակին բացուեցաւ եւ օրհնուեցաւ խաչքար: Խաչքարը տեղադրուած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան նիւթական միջոցներով: Խաչքարի բացման արարողութեան ներկայ էին Ուքրանիոյ հայերու միութեան ներկայացուցիչ Ռուբէն Մակարեան, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ պատուաւոր հիւպատոս Սահակ Գուդրատեան, Ախթալայի խոշորացուած համայնքի ղեկավար Արկադի Թամազեան, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ համայնքի ներկայացուցիչներ, Այրում համայնքի բնակիչներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, մինչ խաչքարի օրհնութեան կարգը Այրում համայնքի երիտասարդները, Սիրանոյշ Գալստեանի ղեկավարութեամբ, փոքրիկ ներկայացում  պատրաստած էին ներկաներուն համար: Խաչքարի օրհնութեան կարգը կատարեցին Ախթալայի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Հեթում քահանայ Թարվերդեան եւ Ալաւերդիի հոգեւոր հովիւ Տէր Միքայէլ քահանայ Շաղոյեան:

Օրհնութեան կարգի աւարտին քահանայ հայրերը կատարեցին նաեւ հոգեհանգստեան կարգ` 1988 թ. Ատրպէյճանի մէջ զոհուած հայերուն համար: Այրում համայնքի բնակիչներու զգալի մասը սոյն գիւղին մէջ հաստատուած են 1988 թ. ջարդերէն յետոյ, եւ այս խաչքարը առաջինն ու միակն է, որ տեղադրուած է Այրում համայնքին մէջ` Ատրպէյճանի մէջ զոհուած հայերու յիշատակին:

Խաչքարի քանդակագործը Արտակ Համբարձումեանն է, իսկ խաչքարի տեղադրումը նախաձեռնած է Ախթալայի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Հեթում քահանայ Թարվերդեան: Աւելցնենք, որ Ուքրանիոյ հայերու միութեան միջոցներով սա առաջին խաչքարն է, որ տեղադրուած է Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 Ամէն

Scroll Up