Կարօ Փայլան Խորհրդարանի Օրակարգ Կը Բերէ Կարսի Մէջ Չարենցի Տան Փլուզումը

«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի խորհրդատու՝ Սեւան  Տէյիրմենճեան, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցապնդում ուղարկած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին` հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի` Կարսի մէջ գտնուող տան քանդման առնչութեամբ: Փայլան թուրք նախարարին ուղղած է 5 հարց, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

-Մտածած էք արդեօք այն յուսախաբութեան եւ վիրաւորանքի մասին, որ կրնայ Չարենցի տան փլուզումէն յետոյ յառաջանալ բանաստեղծի յիշատակը յարգող մարդոց մէջ:

-Չարենցի տան փլուզման որոշումը որ հաստատութեա՞ն կողմէ  կայացուած է: Ձեր նախարարութիւնը տեղեակ եղա՞ծ է:

-Որոնք են այն շօշափելի քայլերը՞, որ նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ ըստ արժանուոյն արժեւորելու եւ որպէս մշակութային ժառանգութիւն պահպանելու յիշողութեան այն վայրերը, որոնք կ՛առնչուին հայ արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն:

-Չարենցի տունը կրնայ դառնալ հայկական մշակոյթի եւ Կարսի համար յիշողութեան կարեւոր վայր: Տան վերանորոգման եւ որպէս թանգարան օգտագործման ուղղութեամբ նախագիծ պատրաստա՞ծ է նախարարութիւնը:

-Կ’ենթադրեմ, որ յիշողութեան այս վայրը քանդուած է Չարենցի հայ ըլլալու պատճառով: Համամիտ է՞ք:

Յիշեցնենք, որ Կարս քաղաքին մէջ դեռեւս անհասկնալի պայմաններու մէջ քանդուած է այն շինութիւնը, որ աւանդաբար համարուած է հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տունը:

Scroll Up