Սումկայիթեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Սուրբ Պատարագ Վիեննայի Սբ․ Հռիփսիմէ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Մարտ 3-ին Վիեննայի Հայ առաքելական Սբ․ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հայրապետական պատուիրակ Տիրան վարդապետ Պետրոսեանի եւ Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Անդրէաս քահանայ Իսախանեանի կողմէ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ սումկայիթեան ոճրագործութեան անմեղ զոհերուն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, այնուհետեւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի վարչութեան կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Մեծ Եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ:
Ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Աւստրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Պապիկեան նշեց, որ 31 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ մեր հայրենակիցները զոհ դարձան ատրպէյճանցի խուժանի վայրագութեան, որ պատասխանն էր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իր ճակատագիրը ազատ տնօրինելու արդար պահանջին: Արմէն Պապիկեան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի յետագայ հզօրացումը լաւագոյն յարգանքի տուրքը պիտի ըլլայ Սումկայիթի եւ Ատրպէյճանի այլ վայրերու մէջ իրագործուած ջարդերուն զոհ գացած մեր հայրենակիցներու յիշատակին: