Մաստրիխտի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Հայ Երիտասարդական Միութեան Հաւաք-Ժողովը

Հոլանտայի Մաստրիխտ քաղաքի «Անի» հայ համայնքը մարտ 10-ին կը կազմակերպէ հայ երիտասարդական միութեան հաւաք-ժողով, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին հայ երիտասարդներուն` համայնքի կեանքին եւ առօրեային ներգրաւուելուն առնչուող հարցեր:

«Անի» հայ համայնքի վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այսօրուայ եւ վաղուայ արժէքներու կրողները կը հանդիսանան երիտասարդները, ուստի անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է` հայապահպանութեան եւ հայկական աւանդոյթներու տարածման գործընթացին:  Կ՛ակնկալուի բոլորի ներկայութիւնը` զարկ տալու եւ խթանելու  օտար հողի վրայ հայեցի արժէքներու պահպանման:

Scroll Up