Սբ. Վարդանանց Յիշատակին Նուիրուած Պատարագ Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ՄԷջ

Մարտ 1-ին Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սբ. Վարդանանց յիշատակին նուիրուած պատարագ, որուն, Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հրաւէրով, կը մասնակցէին Իրաքի մէջ օտարերկրեայ  շարք մը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ իրաքցի պաշտօնեաներ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, Սբ. պատարագին յաջորդեց պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան, կարեւորելով կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու դերը իրաքեան հասարակութեան կեանքին մէջ, մասնակիցներուն ներկայացուց համայնքի վիճակը եւ առկայ խնդիրները:

Դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրն ընդունելու եւ ձեռնարկներուն մասնակցելու կապակցութեամբ:

Scroll Up