ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղը Յիշատակեց Ս. Սարգիսի Տօնը

Գանձասար- Շաբաթ, 17 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ս.Սարգիսի տօնին նուիրուած խրախճանք մը, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, որպէս մեկնարկ ՍՕԽ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն։

Բացման արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենատեպուհի Անի Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ համաշխարհային Սիրոյ օրուան խորհուրդին, դիտել տալով որ ան այս տարի կը զուգադիպի հայութեան մօտ սիրոյ խորհրդանիշ զօրավարին՝ Ս.Սարգիսի տօնին։ Ապա վարչութեան անդամ Ռուզան Պետրոսեան-Ղազարեան լուսարձակի տակ առաւ Ս. Սարգիսի տօնին առնչուող հայկական աւանդոյթները։
Մասնաճիւղի Ընկերային Յանձնախումբը ձեռային աշխատանքով սրահի յարդարումն ու յուշանուէրներու պատրաստութիւնը ստանձնած էր, միեւնոյն ժամանակ ան ճոխ հիւրասիրութիւն մը հրամցուց ներկաներուն։

Խրախճանքի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ հետաքրքրական մրցոյթներ։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ խանդավառ մթնոլորտի ներքոյ։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

Scroll Up