Համայնքային Հանդիպում ԱԺի Սփիւռքի Հարցերու Յանձնաժողովի Ատենապետ Մխիթար Հայրապետեանի Հետ
Ասպարէզ-Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին, Երկուշաբթի, 25 Փետրուարին, երեկոյեան ժամ 7էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 South Louise Street, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ համայնքային հանդիպում մը Հայաստանի խորհրդարանի սփիւռքի, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերով մշտական յանձնաժողովի ատենապետ Մխիթար Հայրապետեանի հետ, որ Հայաստանի նախկին կառավարութեան մէջ սփիւռքի նախարարն էր։
Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած են՝ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութիւնը եւ «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը։