ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Եւ Պէյրութի Համալսարանականներուն Փայլուն Արդիւնքները USEK -ի Կազմակերպած Փինկ Փոնկի Մրցաշարքին

Շաբաթ,  16  Փետրուար 2019-ին,  USEK   համալսարանի  կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ   փինկ փոնկի միջհամալսարանական  մրցաշարք մը, Լիբանանի հանրածանօթ  համալսարաններու  մասնակցութեամբ:

Մրցաշարքին մասնակցեցան   լիբանանեան  տարբեր  համալսարաններու 35  մարզիկներ:

Տղոց  մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը եւ AUB-ն ներկայացնող Ալեքս Տարզին:  Իսկ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ NDU-ի ուսանող Մարք Քարամ երրորդ հանդիսացաւ:

Աղջկանց մրցումներուն, ՀԵԸ  Անդրանիկ Պէյրութը, HU եւ  LAU  համալսարանները  ներկայացնող Աննա  եւ Նինա Մարգարեան  քոյրերը  գրաւեցին երրորդ  դիրքը:

Կը  շնորհաւորենք  ՀԵԸ –ի  փինկ փոնկի  կազմերու մարզիչ Սահակ Պիտինեանը եւ  մեր   համալսարանական մարզիկ- մարզուհիները այս  յաջողութիւններուն առիթով:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Scroll Up