Սփիւռքահայ Գործարար Ներուժի Ու Հայրենիքի Արուեստի Միաւորում` Պատկերասրահ-Սրճարանի Տեսքով

Երբ սփիւռքահայ գործարար ներուժն ու առեւտրավարչագիտական կարողութիւնները կը միաւորուին հայաստանեան արուեստին հետ, կ՛ունենանք իր տեսակին մէջ եզակի ու տարբերուող ARMI ARTS Gallery and Wine պատկերասրահ-սրճարանը, ուր մէկ գաւաթ գինիի կամ սուրճի շուրջ արուեստի սիրահարները կը կարենան ցուցահանդէսներու ներկայ ըլլալ, հաճելի ժամանակ անցնել ու քննարկել եւ քննադատել արուեստին վերաբերող ֆիլմեր, գեղանկարներ եւ այլն: Պատկերասրահ- սրճարանի բացումը կը նախատեսուի կատարել բաժնետէրերէն մէկուն` նկարչուհի Արմի Յարութիւնեանի կտաւներու անհատական ցուցահանդէսով:

Պատկերասրահ-սրճարանին նպատակն է` քաջալերել երիտասարդ արուեստագէտները իրենց ընտրութեան հարցով: Այն կը յաւակնի դառնալ քաղաքի ամենագեղեցիկ ու գողտրիկ անկիւնը, ուր սկսնակ ու կայացած արուեստագէտները, եւ ոչ միայն, կը կարենան կազմակերպել սեփական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, քննարկումներ:

Պատկերասրահ-սրճարանի ներքեւի յարկը պիտի ծառայէ նկարչուհի Արմիի համար որպէս արուեստանոց, ուր նաեւ տեղի կ’ունենան դասաւանդումներ:

Այս ներդրում-նախաձեռնութիւնը բացի արուեստին ծառայելէն, պիտի ստեղծէ նաեւ աշխատատեղեր: Սրճարանի բաժնետէր լիբանանահայ Սեւակ Յակոբեան կը նշէ, որ սրճարան-պատկերասրահի ստեղծման հիմքին դրուած է հայրենիքի մէջ ներդրումներ ընելու, աշխատատեղեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնն ու գաղափարը: Վերջինս յոյս կը յայտնէ, որ արուեստագէտներու, արուեստի սիրահարներու համար այն կը դառնայ անփոխարինելի վայր քաղաքի սրտին մէջ` Թումանեան 11 հասցէին:

Վերջաւորութեան աւելցնենք, որ ARMI ARTS Gallery and Wine սրճարան-պատկերասրահի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ փետրուար 22-ին, ժամը 17:00-21:00:

ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

Scroll Up