Կարեւոր Համարուած Է Հայաստանի Եւ Սուրիոյ Միջխորհրդարանական Համագործակցութեան Աշխուժացումը

Փետրուար 14-ին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան հանդիպեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի նախագահ Համմուտա Սապպաղի (Hammouda Sabbagh) հետ: Հանդիպման կը մասնակցէին ՍԱՀ ԺԺ Սուրիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները:

ՍԱՀ խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց Տիգրան Գէորգեանը` Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց իր կարեւոր եւ պատասխանատու առաքելութեան մէջ:

Երկուստեք կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջխորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը, յատկապէս` բարեկամութեան խումբերու փոխայցելութիւններու խթանումը: Զրուցակիցներն ընդգծեցին, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը կամուրջ կը հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններու համար:

Scroll Up