ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Փինկ Փոնկի Կազմին Յաջողութիւնները Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութեան Մրցումներուն

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի փինկ փոնկի կրտսերներու կազմը (15-տարեկանէն փոքրեր) կը մասնակցի Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի կրտսերներու (18 տարիքէն փոքրեր) խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն: Ախոյեանութեան կը մասնակցին ութ խմբակներու բաժնուած 29 խումբեր:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տղաքը գրաւեցին իրենց խմբակին առաջին դիրքը, պարտութեան մատնելով խմբակին մաս կազմող մրցակից երեք խումբերուն. Մար Ռուքոզ՝ 3-0, Մապարրա՝ 3-0 եւ Ռիատի Պէյրութ՝ 3-1 եւ հասան աւարտական փուլ: Աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին ութ խմբակներուն առաջին դիրքը գրաւող ութ խումբերը: Աւարտական փուլի մրցումները պիտի մեկնարկեն յառաջիկայ Հինգշաբթի, 21 Փետրուարին, Մոն Լա Սալի մէջ:
Յատկանշական է, որ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն մէջ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս միակն է, որուն ամենամեծ մարզիկը հազիւ լրացնէ 15 տարիքը, մասնակից մնացեալ խումբերուն տարիքը 15-էն 18-ի միջեւ է: Մեր տղաքը՝ մաս կը կազմեն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի փինկ փոնկի դպրոցին:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի փինկ փոնկի կազմերուն գլխաւոր մարզիչն է Սահակ Պիտինեանը:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ