Տեղի Կ’ունենայ Իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանի ««Փանթուրքական Հոսանքները ժամանակակից Իրանում» Գիրքի Շնորհանդէսը

Փետրուար 21-ին, ժամը`16:00-ին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամին մէջ (հասցէ` ՀՅԴ Արամ Մանուկեանի անուան երիտասարդական կեդրոն, Կիւլպէնկեան 38 (HSBC դրամատան հարեւանութեամբ), 5-րդ յարկ) տեղի պիտի ունենայ իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանի «Փանթուրքական հոսանքները ժամանակակից Իրանում» գիրքի շնորհանդէսը: Այդ մասին կը հաղորդէ հիմնադրամի պաշտօնական կայքէջ Akunq.net-ը:
Յիշեցնենք, որ Սարգիս Մկրտչեանի «Փանթուրքական հոսանքները ժամանակակից Իրանում» հետազօտութիւնը կատարուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ եւ տպագրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Աշխատութիւնը հրատարակուած է ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի գիտական խորհուրդի որոշմամբ (պատասխանատու խմբագիր` Վ. Ոսկանեան, խմբագիր` Հ. Ալվրցեան, գրախօսներ` Մ. Անումեան, Ա. Տօնոյեան, «Էդիտ Պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018 թ., 176 էջ): Ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է ժամանակակից Իրանի մէջ փանթուրքական շարժումներու պատմութեան, այդ շարժումները ղեկավարող կառոյցներու գործունէութեան ու գաղափարախօսութեան: Քննուող հարցերը հայ հանրութեան կը ներկայացուին առաջին անգամ:
Մուտքն ազատ է: