Հայ Դատը Կը Նախաձեռնէ Ռաֆայէլ Լեմքինի Անուան Քննարկումներու շարք մը

Ասպարէզ- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ ցեղասպանութիւններու պատասխանատուները պատժելու կարելիութիւններուն նուիրուած քննարկումներու շարք մը, որ պիտի կրէ «ցեղասպանութիւն» բառը յօրինած Ռաֆայէլ Լեմքինի անունը։

Շարքին առաջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 Փետրուարին, կ.ե. ժամը 12էն սկսեալ, Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքի թիւ 2456 սենեակին մէջ։ Անդրանիկ ներկայացումը պիտի կատարէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ դոկտ. Հենրի Թերիոթ։

Քննարկումներուն այս շարքը կարելի դարձած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին եւ Սու Արամեանի ու անոր հանգուցեալ քոյրերուն՝ Մարթայի եւ Մարկոյի յիշատակին կատարուած նիւթական աջակցութեամբ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան կը յայտնէ, թէ առաջին քննարկումին ընթացքին շեշտը պիտի դրուի յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ եւ երկրին արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ ցեղասպանութիւններու պատասխանատուները պատժելու կարելիութիւններուն վրայ։

Scroll Up