Առնօ Բաբաջանեանի Նուիրուած Ճոխ Երեկոյ

Ասպարէզ- 2 Փետրուարին, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ, Առնօ Բաբաջանեանի նուիրուած գեղարուեստական ճոխ երեկոյ մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» արուեստի կեդրոնին մէջ, ուր հարիւրաւոր երաժշտասէրներ ըմբոշխնեցին դասական ու էսթրատային կատարումներ:

Ձեռնարկը իրականացաւ կամաւորներէ բաղկացած յանձնախումբի մը եւ ՀԲԸՄի գրասենեակի պաշտօնէութեան ջանքերով եւ օժանդակութեամբ անհատներու ու կազմակերպութիւններու, որոնց կարգին յատկապէս կարեւոր էր մեծանուն արուեստագէտին որդւոյն՝ Արայիկ Բաբաջանեանին ներդրումը:

Նաեւ, այդ երեկոյ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի երգչախումբը, որ երիտասարդ խմբավար Գայիանէ Բաղդասարեանի խմբավարութեամբ իր նորամուտը նշեց հրամցնելով՝ «Տղերքը որոնք չկան» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերը:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր երիտասարդ արուեստագէտ Գայիանէ Աւետիսեան, որ հերթաբար ներկայացուց մասնակցող արուեստագէտները, փորձելով աշխուժ կապ հաստատել հանդիսականներուն հետ:

Բարի գալստեան եւ բացման խօսք արտասանելու համար հրաւիրուեցաւ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի Թալին Եագուպեան, որ ողջունեց ներկաները, շեշտելով մշակութային միջոցառումներու կարեւորութիւնը համայնքային մեր կեանքին մէջ:

Հանդիսավար Աւետիսեան անդրադարձաւ Բաբաջանեանի կեանքին, ապա մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ մեծ երաժիշտին նուիրուած տեսանիւթ:

Առաջին մասով ներկաները ըմբոշխնեցին «Վաղարշապատի պարը» եւ «Էլեգիա»ն (Ալէն Տիշիկրիքեան), ապա «Եռեակ՝ ջութակի, թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար»  (Արմէն Տէր Գէորգեան, Արմէն Քսաջիքեան եւ Արմէն Կիւզելիմեան), որուն յաջորդեց «Նոկթիւրն»ը՝ Արմէն Կիւզելիմեանի բարձր վարպետութեամբ: Ընդմիջումէն առաջ ելոյթ ունեցաւ երգչախումբը վերոյիշեալ երկու խմբերգներով: Մինչ այդ, երիտասարդ այլ արուեստագիտուհի մը՝ Սոնա Նալբանդեան հնչեցուց Բաբաջանեանի «Վոկալիզ»ը, որ յատկապէս գրուած է մեծատաղանդ Լուսինէ Զաքարեանի համար:

Երկրորդ մասով Առնօ Բաբաջանեանի էսթրատային գործերն էին ներկայացուած: Շնորհալի երգիչ-երգչուհիները, նոյնքան հրաշալի նուագախումբի ընկերակցութեամբ (Ռոմա Քանեան, Արմէն Գալալեան, Կարօ Սարաֆեան եւ Գագիկ Թորոյեան) նմուշներ ներկայացուցին Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտական վաստակէն. Անի Քրիստի, Նարեկ Մակարեան, Էմմի, Սարգիս Մանուկեան եւ Ռազմիկ Մանսուրեան տրամադրութիւնները հասցուցին բարձրակէտին մեներգելով ռուսական եւ հայկական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ «Սիրոյ երգ», «Կամուրջներ», «Երեւանի սիրուն աղջիկ», «Չքնաղ երազ», «Առաջին սիրոյ երգ», «Իմ Երեւան»:

Համերգը եզրափակուեցաւ «Մեր սիրելի Երեւան» երգով, որ կատարեցին վեց երգիչ-երգչուհիները եւ ՀԲԸՄի երգչախումբի անդամները:

Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչ մարմինները, հովանաւորները՝ գլխաւորութեամբ Շահան եւ Նելլի Եագուպեաններուն, եւ մանաւանդ հանդիսութեան բոլոր մասնակից արուեստագէտները: Հարուստ էր արուեստագէտ Մանուկ Սաթամեանի պատրաստած բեմը: Այս առիթով պատրաստուած էր նաեւ յայտագիր-գրքոյկ մը, յաւելեալ փայլք տալով Առնօ Բաբաջանեանի նուիրուած այս յուշերեկոյին:

Համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, գլխաւոր հիւպատոս տէր եւ տիկ. Արմէն Բայբուրդեան, քաղաքական դէմքեր, ինչպէս՝ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Ատրին Նազարեան:

(Քաղուած Հրաչ Սեփեթճեանի թղթակցութենէն)

Scroll Up