Հայաստան-Լիբանան Միջկառավարական Յանձնաժողովի Նիստը Կը Գումարուի Յառաջիկայ Ապրիլին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի կառավարութեան ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ: Փաշինեան շնորհաւորեց Հարիրին՝ Լիբանանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման եւ վարչապետի պաշտօնին անոր վերանշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ վարչապետի գրասենեակէն։
Վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց Հարիրիին եւ անոր կազմին ու յայտնեց, թէ համոզուած է, որ նոր կառավարութիւնը երկիրը պիտի տանի դէպի զարգացում եւ տնտեսական յառաջընթաց:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը: Անոնք համաձայնեցան Հայաստան-Լիբանան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը գումարել յառաջիկայ Ապրիլին: