Լիբանանի Մօտ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Փետրուար 14-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանը:
Դեսպանին Հայաստան կատարած վերջին ճամբորդութենէն վերադարձին տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, նոր կառավարութեան Ազգային Ժողովին ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան հետ կապ ունեցող հարցերու մասին: