Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Նկատմամբ Վանդալութեան Հերթական Դրսեւորումը (լուսանկարներ)

Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքի Պաքըրքէոյ շրջանի Զէյինլիք թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Ծնունդ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատերուն վրայ յայտնուած են ներկանիւթերով գրութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ նշելով, թէ իրենց լուսանկարչական մեքենան լուսանկարած է եկեղեցւոյ պատերուն վրայ յայտնուած գրութիւնները:

Ուշագրաւ է, որ եկեղեցւոյ պատերուն կ՝երեւի «OHB» ստորագրութիւնը. այսպէս կը կոչուի Պոլսոյ կրաֆիթի ընող ամանաաշխուժ խումբերէն մէկը:

Քրիստոնեաներու սրբավայրի հանդէպ վանդալութեան դրսեւորումը եւ հաւատացեալներու զգացմունքներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը Թուրքիոյ մէջ նոր երեւոյթ չէ:

Տարիներ առաջ, նոյնպէս, այս եկեղեցւոյ պատերը պղծուած էին: Թէեւ 2018-ին այդ գրութիւնները կապոյտ ներկով քօղարկուած էին, այնուամենայնիւ, այսօր պատերը կրկին լի են գրութիւններով` անվայել, տարաբնոյթ, անհասկնալի բովանդակութեամբ:

Բացի այդ, նախորդ տարուան Ապրիլին, Պոլսոյ Քատըքէոյ վարչական շրջանին մէջ գտնուող «Սուրբ Թագաւոր» հայկական եկեղեցին յայտնուած էր ազգայնականներու թիրախին: Անյայտ անձ մը, եկեղեցւոյ մուտքին մօտ աղբաման դատարկած էր, իսկ շէնքի պատին գրած էր՝ «էրզրումցի. այս հայրենիքը մերն է»:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Պաքըրքէոյ շրջանի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1844-ին, սուլթանական Թուրքիոյ արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Տատեանի կողմէ` Պարութհանէի (Վառօդարան) եւ Զէյթինպուրնուի դարբնոցներու հայ բանուորներուն խնդրանքով։

Կայսերական հրամանով՝ եկեղեցին վերանորոգուած է 1847-ին, իսկ վերջին վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են 1999-ին, որմէ ետք եկեղեցին վերաբացուած է Ամէն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի օծմամբ:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են Օսմանեան պետութեան մէջ լուրջ հեղինակութիւն ունեցած շարք մը անձեր, որոնք իրենց նպաստը ունեցած են Պոլսահայ համայնքային կեանքին մէջ:

Եկեղեցւոյ եւ դպրատան հիմնադիր Յովհաննէս Տատեան վախճանած է 1869-ին։

Նշենք, որ Յովհաննէս Տատեանը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հիմնած է Պէյքոզի թուղթի գործարանը, Էյուպի, Հերեքէյի եւ Իզմիթի կերպասեղէնի գործարանը եւ Զէյթինպուրնուի դարբնոցը։

Scroll Up