Աթէնքաբնակ Հայերու Օգնութիւնը Գիւմրիի Որբերուն
Փետրուար 13-ին Գիւմրիի հաշմանդամ որբերու տուն ուղարկուեցաւ աթէնքաբնակ հայերու ջանքերով ապահովուած օժանդակութեան առաջին ծանրոցը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Աթէնքի «Հայաստան» լրատու ցանցէն, օժանդակութիւնը կազմակերպած է Աթէնքի E.R.A. միութիւնը, որուն անվերապահօրէն զօրակցած է «Հայաստան» հասարակական մշակութային կեդրոնը:
Այս առիթով կազմակերպիչները իրենց սրտաբուխ շնաորհակալութիւնը կը յայտնեն աթէնքահայութեան, ՀՀ օդանաւային ուղիներու Աթէնքի պատասխանատուներուն, Հայկական ժողովրդային շարժման Երեւանի գրասենեակին եւ յատկապէս Գիւմրիի «Հաշմանդամ որբերու տուն» բարեգործական հիմնադրամի պատասխանատուներուն:
Օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին: