«Մենք Կ’ապրինք Նաեւ Բաբելոնէն Ետք. Հայերու Եւ Հրեաներու Գոյութեան Փորձը» Խորագիրով Միջազգային Համաժողով Գերմանիոյ Մէջ

Հիւսիսային Գերմանիոյ երրորդ խոշորագոյն քաղաք, ԳԴՀ Ներքին Սաքսոնիա երկրամասի մայրաքաղաք Հանովերի մէջ  փետրուար 24-27 տեղի պիտի ունենայ «Մենք կ’ապրինք նաեւ Բաբելոնէն ետք. հայերու եւ հրեաներու գոյութեան փորձը. տեղահանման, արտաքսման եւ ոչնչացման միջեւ» խորագիրով միջազգային համաժողով, որ նախաձեռնուած է Հրէական երաժշտութեան եւրոպական կեդրոնի եւ Գերմանահայկական միութեան կողմէ` ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ձեռնարկի  պաշտօնական աջակցողներն են նաեւ Ներքին Սաքսոնիա հիմնադրամը, «Գերմանական հետազօտական միաւորում» հիմնադրամը, Դր. Պուհմանի անուան միջկրօնական փոխըմբռնման հիմնադրամը, Դաշնային երկրամասի մայրաքաղաք Հանովերի մշակութային վարչութիւնը:

Եռօրեայ համաժողովին ելոյթներ կ’ունենան  շարք մը անուանի գիտնականներ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Իսրայէլէն եւ այլ երկիրներէ:

Scroll Up