Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը Հիւրընկալեց Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմերու Առաջնորդները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/02/arajnord.jpg)
7 Փետրուար 2019-ին, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հիւրընկալեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը ու Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանը Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ:
Աշխատանքային նիստի ընթացքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմերու Առաջնորդները քննարկեցին շարք մը նիւթեր, որոնք առնչութիւն ունին երիտասարդական առաքելութիւններուն եւ քարոզչութիւններուն, առաքելութեան հանգամանքներուն, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հոգեւորաց դասի պատրաստման, Սուրբ Աւետարանի քարոզչութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապուած այլ հարցերու:
Կէսօրէ ետք, բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուին, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Արեւմտեան Թեմի Համբար Ընտանիքի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էր աւելի քան 50 անց, որոնց շարքին էին՝ Թեմական Խորհուրդի անդամներ, հոգեւորականներ, բարերարներ եւ նուիրատուներ:
Իր ելոյթին, Յովնան Սրբազանը անդրադարձաւ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Հոգեշնորհ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանի հսկայական նպաստներուն, իրենց տիրախնամ թեմերու կրօնական եւ հոգեւոր կեանքէն ներս: Իրենց հերթին Սրբազան Հայրն ու Հայր Սուրբը, իրենց սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդին ջերմ ընդունելութեան ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Յարգարժան հիւրերու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Պր. Արմէն Պայպուրթեանը: