Զուիցերիոյ ՄԷջ Հոգեւոր Եւ Կրթամշակութային Կեդրոն Բացուած Է

Զուիցերիոյ Նոշատել քաղաքին մէջ փետրուար 10-ին հայ աշխոյժ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ բացուած է հոգեւոր եւ կրթամշակութային կեդրոն մը: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական տեղապահ Տէր Գուսան վարդապետ Ալճանեան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ երիտասարդներէն Տաթեւ Պապայեան-Պետիկեան, կեդրոնին նպատակը հոգեւոր արժէքներու, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ աւանդական պարերու, երգ-երաժշտութեան ուսուցման, պահպանման ու տարածման միջոցով տեղի հայ զաւակներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալն է, հայապահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ հայկական համայնքի տարածաշրջանի անդամներուն համախմբելը:

«Այսպիսի կեդրոն ստեղծելու գաղափար ունեցած ենք  քանի մը տարի առաջ: Հայ մնալը իւրաքանչիւրի պարտքն է, իսկ օտար երկրի մէջ այն իսկական հերոսութիւն եւ առանձին հոգատարութիւն կը պահանջէ: Կեդրոնը միանշանակ պիտի գործէ նոր մօտեցումներով ու ծրագիրներով: Հայրենիքէն հեռու ստեղծած ենք մեր փոքրիկ Հայաստանը»,-ըսաւ Տաթեւ Պապայեան-Պետիկեան` աւելցնելով, որ կը նախատեսուի նաեւ ամսուան մէջ մէկ-երկու անգամ Սբ. Պատարագի մատուցում` կեդրոնի սրահին կից գտնուող վարձակալած եկեղեցւոյ մէջ:

Scroll Up