Որբախոյզ Ռուբէն Հերեանի Նուիրուած Երեկոյ Լոս Անճելըսի Մէջ

Ասպարէզ- Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Կիրակի, 17 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն հայ որբեր հաւաքելու գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Ռուբէն Հերեանի նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը։
Գլխաւոր բանախօսն է «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի գործադիր վարիչ Արամ Արքուն։
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Փաթիլ» պարախումբը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Avenue, Altadena, CA 91001)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել info@TekeyanLA.org հասցէին։