Հայրենիքի Պաշտպանը Ո՛չ Միայն Զինուորն Է Բանակին ՄԷջ, Այլ Նաեւ Ուսուցիչը՝ Թիկունքին

Յաղթանակած, հերոսացած
Հայոց երկրի հզօ՛ր բանակ,
Քո մարտական ջահը վառած
Պահի՛ր որպէս փառքի պսակ:
Հայոց բանակը, այո, մեր փառքն է, մեր անկախութեան երաշխիքը , մեր ապահովութեան մեծ գրաւականը: Ան բարդ ու ծանր պատերազմական իրավիճակներու մէջ հազարաւոր երիտասարդներու թափած արեան գնով եւ բազում յաղթանակներով ապացուցեց, որ մեր երկիրն ամուր եւ յուսալի ձեռքերու մէջ է:
« Շնորհաւո՛ր տօնդ, Հայո՛ց բանակ» խորագիրով բաց դաս է ՌԴ Տիւմէն քաղաքի Մ. Մաշտոցի անուան մշակոյթի կեդրոնի պատմութեան դասարանին մէջ` ուսուցչուհի Մանուշակի ղեկավարութեամբ:
Աշակերտները համառօտ նշեցին Հայոց բանակի ստեղծման անհրաժեշտութեան, անցած հերոսական ուղիին մասին: Այնուհետեւ սկսան երգել ու ասմունքել: Ուսուցչուհի Մանուշակը հմտօրէն ընտրած էր Հայոց բանակին, հայ զինուորին նուիրուած երգերն ու բանաստեղծութիւնները: Ներկայացուած էին Հայոց բանակի, հայ զինուորներու անցած ողջ ճանապարհը: Այն զինուորներուն, որոնք գերադասեցին ո՛չ թէ զէնքէն, այլ զէնքով մեռնիլ, ո՛չ թէ փափուկ անկողնի մէջ դիմաւորել լուսաբացը, այլ ցուրտ խրամատներու մէջ` հսկելով ոսոխի իւրաքանչիւր շարժը:
Երեխաներն ոգեւորուած, ձեռքներն ամուր բռունցք ըրած` ապրեցան իւրաքանչիւր նկարագրուած դրուագ: Ցասկոտ ու տխուր էին անոնց թաց աչքերը, երբ զինուորական երթի, ռմբակոծութիւններու, վիրաւորներու տնքոցներու` իրար խառնուած ձայներու մէջ անգամ կը լսուի զինուորի մօր աղօթքի մրմունջն առ աստուած` «Փրկի՛ր մինուճարիս…»
Իսկ երբ կը խօսուէր մեր պանծալի յաղթանակներու, հայոց` օրէ օր հզօրացող բանակի անպարտելիութեան մասին, քիչ-քիչ կը փոխուէին անոնց դէմքերու արտայայտութիւնները: Անոնցմէ յոյս ու խնդութիւն կը սկսէր ճառագել:
Կը նայիս այս երիտասարդներու հրավառ դէմքերուն ու անհուն հպարտութեամբ կը լեցուիս, վստահութեամբ. մեր վաղը յուսալի ձեռքերու մէջ է, իսկ այսօրուան ճիշդ դաստիարակուած աշակերտը վաղուան հերոս զինուորն է:
Այսօրուան դասն ապացուցեց, որ հայրենիքի պաշտպանը ո՛չ միայն զինուորն է բանակին մէջ, այլ նաեւ ուսուցիչը՛` թիկունքին: Ուսուցիչ, որ հայրենասիրութիւն, հայրենիի հանդէպ սրբազան պարտքի զգացում կը սերմանէ մատաղ սերունդի սրտերուն մէջ:
Խոնարհիլ պէտք է այսպիսի ուսուցիչներու` կոչումը բարձր պահելու, մատաղ սրտերուն հերոսական ոգի սերմանելու համար: Հաւատացած ենք, որ այսօրուան աշակերտական սեղանին նստածներն իրենց հսկայական բանակով կ’ապահովեն խաղաղութիւնը մեր երկրէն ներս: Եւ որ. «Գետը գետութիւն կ’անի, գեղջուկը կը բանի, կը տնկի ու կը ցանի, գետն էլ իր ջրով` մէկը տաս կ’անի:
Մարգարիտ Առաքէլեան
Մշակոյթի կեդրոնի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի