Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Սիտնիի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչները

Փետրուար 5-ին եւ 6-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ ընդունեց հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան եւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեան: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:

Վեհափառ Հայրապետին այցելած էին Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Աւստրալիոյ վարիչ կազմի, Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Աւստրալիոյ վարիչ մարմնի, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան շրջանային վարչութիւններու, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սիտնիի մասնաճիւղի վարչութեան, եկեղեցական վարչութեան, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչը:

Հանդիպման ընթացքին հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին եւ պատրաստակամութիւնը` միասնական ճիգերով առաջ տանելու ազգային աշխատանքները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ծանօթանալով իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ծաւալած գործունէութեան, անոնց փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնն եւ յաջողութեան մաղթանքները:

Scroll Up