Ինտիրա Կանտի, Լէոնիտ Պրեժնեւ, Պելճիքայի Ֆիլիփ Թագաւորը. Մատենադարան Այցելած Առաջին Դէմքերը
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարան այցելութիւնները տարիէ տարի կ՛աւելնան: Եթէ 2017 թուականին Մատենադարան այցելութիւններու թիւը եղած է 108 հազար, ապա 2018-ին` կազմած է 112 հազար: «Արմէնպրես»-ի հետ զրոյցին Մատենադարան հիմնարկի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշեց, որ այցելութիւններու աշխարհագրութիւնը նոյնպէս կը մեծնայ:
«Արցախի մեր մասնաճիւղին մէջ ալ 15 հազարէ աւելի այցելու եղած է 2018 թուականի ընթացքին: Այցելութիւններու առումով արդիւնքներէն գոհ ենք: Աւելցած են Չինաստանէն, Քորէայէն, Ֆիլիփիններէն այցելութիւնները: Անցեալին այս երկիրներէն այցելողներ չկային կամ շատ քիչ էին: Աշխոյժ եղած են գերմանացիները, իտալացիները, այցելուներուն մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնէ Ռուսաստանը: Կու գան եւ՛ խումբերով, եւ՛ անհատապէս: Բաւական մեծ թիւով այցելութիւններ եղան Ֆրանքոֆոնիայի օրերուն: Մենք նախաձեռնած էինք «Հայաստան-Ֆրանսա դարաւոր կապեր» ցուցադրութիւնը, ատոր նուիրուած գրքոյկ, ինչպէս նաեւ մանրանկարչութեան նուիրուած պատկերագիրք հրատարակուեցաւ,-ըսաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեան:
Մատենադարանին մէջ զբօսավարները կ՛աշխատին 7 լեզուով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն: Անհրաժեշտութեան պարագային, կը ներգրաւուին նաեւ այն գիտաշխատողները, որոնք կը տիրապետեն պարսկերէն, արաբերէն, հունգարերէն, լեհերէն:
Մատենադարան այցելուներուն մէջ յատուկ տեղ կը զբաղեցնեն տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները, առաջին դէմքերը: 2018 թուականն այդ առումով աշխոյժ էր: Մատենադարանի ցուցասրահներու վարիչ Այտա Չարխչեան «Արմէնպրես»-ի հետ զրոյցին նշեց, որ այցելուներու մէջ եղած են Թայլանտի թագաւորութեան արքայադուստր Մահա Չաքրի Սիրինտհորնը, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մատարելլան, Պուլկարիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռումէն Ռադեւը, ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլեն, Պելճիքայի թագաւորը Ֆիլիփն իր ընտանիքին հետ եւ այլք:
«Անսպասելի էր Պելճիքայի թագաւորի եւ անոր ընտանիքին այցելութիւնը: Սովորաբար պատուիրակութիւններու այցի պարագային մեզ նախապէս կը զգուշացնեն, մենք կը պատրաստուինք, սակայն իրենց պարագային այդպէս չեղաւ, յանկարծակի եկան: Քանի որ այցը մասնաւոր էր, ոչ պաշտօնական, հետեւաբար մենք այցէն քանի մը վայրկեան առաջ իմացանք: Ըսեմ, որ անոնք շատ տպաւորուած էին»,-ըսաւ Այտա Չարխչեան:
2018 թուականին Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս (հոկտեմբեր 11-12) Մատենադարան այցելած են նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու նախագահներու կանայք, եղած են պատուիրակութիւններ «Եւրասիական շաբաթ»-ի ծիրէն ներս: Այտա Չարխչեան նշեց, որ տարեկան միջինը 10 պատուիրակութիւններ, առաջին դէմքեր կ՛այցելեն:
«Պաշտօնական այցերու պարագային նախապէս կը պատրաստուինք, կը յստակեցնենք զբօսավարի լեզուն, ժամանակը, թէ որքան պիտի մնան: Ինչ կը վերաբերի ցուցադրութեան, ապա այդտեղ փոփոխութիւններ չենք կատարեր: Բովանդակային առումով կը ներկայացուի այն, ինչ այդ պահուն ցուցասրահներու մէջ ցուցադրուած է»,-ըսաւ ան: Մատենադարանը ունի մատեան, ուր այցելուները կը կիսուին իրենց տպաւորութիւններով: Այտա Չարխչեան, որ քանի մը տասնամեակ կ՛աշխատի Մատենադարանի մէջ, նկատեց, որ բոլորը հիացած կը հեռանան Մատենադարանէն` բարձր գնահատելով եղած հարստութիւնը:
Տարբեր ժամանակներու մէջ Մատենադարան այցելած են բազմաթիւ առաջին դէմքեր, որոնց մէջ է Ինտիրա Կանտին, Լէոնիտ Պրեժնեւը, Նորին Արքայական Մեծութիւն Ուելսի արքայազն Չարլզը եւ այլք: